Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սարգսեան Վերջնաժամկէտ Տուած է Անգարային` Հայ-Թրքական Արձանագրութիւնները Վաւերացնելու

Սարգսեան Վերջնաժամկէտ Տուած է Անգարային` Հայ-Թրքական Արձանագրութիւնները Վաւերացնելու

by MassisPost

Հայաստանի նախագահը ՄԱԿ-ի ամպիոնէն վերջնաժամկէտ տուած է պաշտօնական Անգարային` 2009 թուականին կնքուած հայ-թրքական արձանագրութիւնները վաւերացնելու համար: «Թուրքիայի ղեկավարութիւնը սխալուում է, եթէ մտածում է, որ ինքը կարող է առյաւէտ պատանդ վերցնել այդ փաստաթղթերը եւ վաւերացնել միայն իրեն յարմար առիթով», – յայտարարած է Սերժ Սարգսեան, տեղեկացնելով, որ պատրաստ է առ ոչինչ համարել այդ փաստաթուղթերը մինչեւ յաջորդ գարուն, երբ ըստ էութեան պիտի լրանայ իր պաշտօնավարման ժամկէտը:

«Արձանագրութիւնները բանակցուել են ներկայիս պայմաններում՝ առկայ խնդիրներին լուծում գտնելու համար: Դրանց կենսագործման ուղղութեամբ շարունակաբար որեւէ դրական տեղաշարժի բացակայութեան պայմաններում Հայաստանը այդ երկու արձանագրութիւնները յայտարարելու է առ ոչինչ: Մենք 2018 թուականի գարուն ենք մտնելու առանց այդ, ինչպէս, ցաւօք սրտի, փորձը ցոյց տուեց, սին արձանագրութիւնների», – յայտարարած է Սերժ Սարգսեան:

Շուրջ 15 վայրկեան տեւած ելոյթի ամենածաւալուն հատուածն, այնուամենայնիւ, նուիրուած էր ղարաբաղեան հակամարտութեան: ՄԱԿ-ի բարձր ամպիոնէն Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, որ կողմերը տակաւին շատ հեռու են խաղաղութենէն, անոր մէջ մեղադրելով պաշտօնական Պաքուն:

«Անցած տարուայ Ապրիլին Ատրպէյճանի սանձազերծած քառօրեայ պատերազմն ապացուցեց, որ Ատրպէյճանը շարունակում է հետապնդել Արցախի ժողովրդին բնաջնջելու իր նպատակը: 2016 թուականին ծաւալուած ռազմական գործողութիւնների ընթացքում Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կատարել են պատերազմի մի շարք յանցագործութիւններ քաղաքացիական բնակչութեան եւ ռազմագերիների հանդէպ», – հաստատած է Հայաստանի նախագահը:

Վերստին ընդգծելով, որ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումն այլընտրանք չունի, Սերժ Սարգսեան առանձնացուցած է երկու նախապայման` Արցախի ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութեան իրաւունքն ու անվտանգութեան ապահովումը: «Մնացած հարցերն ածանցեալ են եւ կը լուծուեն խնդրի կարգաւորմանը զուգահեռ», – յայտարարած է Հայաստանի նախագահը:

«Կարգաւորման ինչ տարբերակի էլ յանգենք, միեւնոյն է, Արցախի Հանրապետութիւնը չի կարող ունենալ աւելի ցածր կարգավիճակ եւ վայելել աւելի քիչ ազատութիւն, քան այսօր ունի: Ատրպէյճանը պէտք է ճանաչի եւ յարգի Արցախի ժողովրդի կողմից իր ապագան ազատ կամքի արտայայտութեամբ որոշելու իրաւունքը, իսկ արցախահայութեան անվտանգութիւնը պէտք է երաշխաւորուած լինի բոլոր հնարաւոր միջազգային եւ ներքին մեխանիզմներով»:

Միջազգային խնդիրներէն Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է միայն սուրիական ճգնաժամին, առաջին անգամ պաշտօնապէս հաստատելով, որ հայաշատ այդ երկիր մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելէն բացի պաշտօնական Երեւան պատրաստ է քննարկել նաեւ Սուրիոյ մէջ խաղարարար ջանքեր ձեռնարկելու հնարաւորութիւնը ՄԱԿ-ի հովանիին ներքոյ եւ համապատասխան մանդատով: Ներքին օրակարգին անդրադառնալով նշած է, որ Հայաստան պատրաստ է յառաջիկայ Նոյեմբերին ա՛լ աւելի սերտացնել յարաբերութիւնները Եւրոմիութեան հետ, մնալով Քրեմլինի նախաձեռնած Եւրասիական միութեան կազմին մէջ:

«Հայաստանն այսօր Եւրասիական տնտեսական միութեան աքթիւ անդամ է եւ իր շահագրգիռ մասնակցութեամբ փորձում է նպաստել տնտեսական խոշոր այդ տարածքում ապրանքների ու ծառայութիւնների անարգել տեղաշարժի ճանապարհով մարդկանց համար աւելի շատ բարիք ստեղծելու ջանքերի խթանմանը: Դրական արդիւնքներ արդէն իսկ ունենք, ինչն ապագայի լաւ յոյսեր է ներշնչում: Մենք նաեւ ծրագրում ենք Նոյեմբեր ամսին Եւրամիութեան հետ ստորագրել Համաձայնագիր համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին, որը, մեր համոզմամբ, կ’օգնի մեզ նոր թափ հաղորդել Հայաստանում իրականացուող ինստիտուցիոնալ բարեփոխումներին», – ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յայտարարած է Հայաստանի նախագահը:

Եզրափակելով ելոյթը, Սերժ Սարգսեան հաւաստիացուցած է, որ բնական հարուստ պաշարներ ու դէպի ծով ելք չունեցող Հայաստանի համար ամենամեծ արժէքը մարդն է, կոչ ուղղելով ՄԱԿ-ի մէջ նոյնպէս ամէն բանի կեդրոնը պահել մարդն ու ձգտիլ խաղաղ ու արժանապատիւ կեանք ապահովել բոլորին համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment