Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուզաննա Եղնուկեան․ «Քաղբանտարկեալներ Ունենալը Ամօթ Չէ, Իսկ Իրենց Գոյութեան Մասին Բարձրաձայնելը Ամօ՞թ է»

Ռուզաննա Եղնուկեան․ «Քաղբանտարկեալներ Ունենալը Ամօթ Չէ, Իսկ Իրենց Գոյութեան Մասին Բարձրաձայնելը Ամօ՞թ է»

by MassisPost

Սեպտեմբեր 19-ին Հանրապետութեան հրապարակէն բերման ենթարկուած ու քանի մը ժամ անց ազատ արձակուած են Կարօ Եղնուկեանի ընտանիքի անդամներն ու անոր աջակիցներէն երկուքը։

«Սասնայ Ծռեր»ու գործով անազատութեան մէջ գտնուող Եղնուկեանի կինը, դուստրերը, որդին եւ անոնց աջակիցները թռուցիկներ բաժնած են Հայաստան-Սփիւռք համաժողովի մասնակիցներուն, դիմաւորելով զանոնք հիւրանոցին մօտ։

Անոնք Կարօ Եղնուկեանի եւ Ժիրայր Սեֆիլեանի նկարներով թռուցիկներու միջոցով փորձած են համաժողովի մասնակիցներու ուշադրութիւնը հրաւիրել Հայաստանի մէջ իրենց ձեւակերպմամբ քաղբանտարկեալներու առկայութեան վրայ։

Կարօ Եղնուկեանի կինը՝ Ռուզաննա Եղնուկեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ նշած է․ – «Եկաւ ոստիկաններից մէկը, ասաց՝ ամօթ ա էստեղ կանգնելը: Ասացի՝ ի՞նչն ա ամօթ․․․ Քաղբանտարկեալներ մի երկրում ունենալը ամօթ չի, իսկ իրենց գոյութեան մասին բարձրաձայնելը ու իրազեկելը ամօ՞թ ա համարուում»:

Երեք ժամ ոստիկանութեան մօտ պահելէ ետք բերման ենթարկուածներուն տեղեկացուցած են, որ զիրենք բոլորովին այլ կասկածանքով տեղափոխած են ոստիկանութեան բաժին։

Կարօ Եղնուկեանի դուստրը՝ Հռիփսիմէ Եղնուկեան Պատմած է ․- «Բերման ենթարկելիս ասացին, որ այս հաւաքը իրականացնելու իրաւունք չունենք: Յետոյ, երբ մենք հասանք, մենք հասկացանք, որ մեզ մեղադրում են, որ ինչ-որ ահազանգ է ստացուել, որ ռումբ ինչ-որ պիտի տեղադրենք հրապարակում: Մայրս եւ մենք իբր պէտք է այդ գործողութիւնն իրականացնէինք»:

Էլոն Եղնուկեանի խօսքով, զինք բերման ենթարկած է քաղաքացիական հագուստով ոստիկան, որ հրաժարած է ներկայանալ եւ վկայական ցոյց տալ․ – «Թեւերիցս քաշեց, ասեց՝ արի, գնում ենք «Կազէլ»: Ասում եմ՝ բայց Դուք ո՞վ էք, որ ես պէտք է Ձեր հետ գամ: Ասաց՝ ոստիկանութեան աշխատակից եմ: Ասացի՝ կը ներկայանա՞ք: Ինքը, բնականաբար, չներկայացաւ: Այդպէս հրելով, երկրորդ ոստիկանն էլ մօտեցաւ, ուղեկցեցին ինձ դէպի մեքենան»:

Հանրապետութեան հրապարակի ցոյցին զուգահեռ, քաղաքացիներ տարուած էին ոստիկանութիւն նաեւ մարզահամերգային համալիրի մօտէն, ուր նոյնաբովանդակ ցոյց կ’իրականացնէին։

Ոստիկանութենէն տեղեկացուցած են, որ ցոյցի բոլոր 11 մասնակիցներն ազատ արձակուած են, բաժին տանելու պատճառը պայթուցիկի մասին ահազանգը եղած է: Ոստիկանութենէն հրաժարած են պատասխանել հարցին, թէ արդեօք զննութեամբ պայթուցիկ յայտնաբերուա՞ծ է:

Ոստիկանութիւն այցելած «Ելք»ի խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան մտահոգիչ համարած է կատարուածը․ – «Դատապարտում եմ նման գործողութիւնը: Այսինքն, հիմա ցանկացածիս էլ կարող են բերման ենթարկել՝ կասկածանքով, որ մեր գրպանում, ասենք, ատոմային ռումբ կայ: Ես կարծում եմ, որ պարզապէս խնդիր են լուծում, որ էս երեք ժամը էս մարդիկ էստեղ լինեն, եւ ոչ թէ Հանրապետութեան հրապարակում»:

Իրաւապաշտպան Վարդան Յարութիւնեանի գնահատմամբ, վերջին տարիներուն ոստիկանութիւնը կը զբաղի ոչ թէ յանցաւորութեան դէմ պայքարելով, այլ քաղաքական գործընթացներուն միջամտելով․ – «Ե՛ւ Կարօ Եղնուկեանի ընտանիքի անդամներին բերման ենթարկելը, ե՛ւ նրա համակիրներին բերման ենթարկելը կարելի է որակել միայն որպէս սադրանք: Սադրանք՝ քաղաքական գործընթացները խափանելու նպատակով: Սա արուած էր այն նպատակով, որպէսզի թռուցիկները չհասնեն համաժողովի կազմակերպիչներին, եւ որպէսզի համաժողովի կազմակերպիչները չտեսնեն այն իրականութիւնը, որը որ կայ մեր երկրում»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment