Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միայն Ժողովրդավարական Թուրքիան Կրնայ Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Կարօ Փայլանի Ելոյթը Երեւանի Մէջ

Միայն Ժողովրդավարական Թուրքիան Կրնայ Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Կարօ Փայլանի Ելոյթը Երեւանի Մէջ

by MassisPost

Սեպտեմբերին 19-ին, Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի ծիրին մէջ կազմակերպուած «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում, ցեղասպանութիւնների կանխարգելում, քաղաքական եւ իրաւական գործընթացները» թեմայով քննարկման ժամանակ  Թուրքիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան յայտարարեց, որ առանց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, Թուրքիա երբեք  ժողովրդավարական պետութիւն պիտի չդառնայ, ոչ ալ քրտական հարցը լուծում պիտի ստանայ,

«Ցեղասպանութեան ճանաչման համար առաւել լայն տեսլական պէտք է ունենանք, միայն ժողովրդավարական Թուրքիան կրնայ ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը, միայն ժողովրդավարական Թուրքիան կրնայ բանալ սահմանները Հայաստանի հետ, հակառակ պարագային մենք ստիպուած պիտի ըլլանք եւս տասնեակ տարիներ սպասել:

Թուրքիա ներկայիս կրկին մութ ժամանակաշրջան կ’ապրի, 102 տարի առաջ մեծ ոճիր տեղի ունեցաւ, եւ այն կը շարունակուի այսօր, քանի որ իւրաքանչիւր ոճիր, որ անպատիժ կը մնայ, նոր ոճիր կ’առաջացնէ: Անձամբ պիտի շարունակեմ պայքարիլ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար»,- ըսաւ հայազգի պատգամաւորը:

Կարօ Փայլանի խօսքով, Թուրքիա այսօր կը հեռանայ ժողովրդավարութենէն, հետընթաց կ’ապրի նաեւ ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւններուն մէջ: Անոր կարծիքով, Թուրքիոյ նոր Սահմանադրութեան ընդունումը նոյնպէս կը նշանակէ հեռացում ժողովրդավարութենէ. «Ես ճիշդ ասոր մասին խօսած եմ խորհրդարանին մէջ, ըսած եմ, որ մեծ սխալ տեղի ունեցած է: 20-րդ դարու սկիզբը տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, անձամբ խորհրդարանին մէջ ըսած եմ, որ եթէ երկրին մէջ ընդունուի նոր Սահմանադրութիւն, նոյն աղէտը պիտի ունենանք, այսօր ճիշդ այդ ճամբուն վրայ ենք: Թուրքիա 100 տարի անց ալ կը շարունակէ ոճիր գործել»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment