Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ստեփանակերտ․Կարելի Չէ Վերադառնալ Նախկին Սահմաններուն

Ստեփանակերտ․Կարելի Չէ Վերադառնալ Նախկին Սահմաններուն

by MassisPost

Արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան երէկ յայտարարած էր Ատրպէյճանին տարածքներ վերադարձնելու հնարաւորութեան մասին:

Արձագանգելով Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի աղմկայարոյց յայտարարութեան Ատրպէյճանին տարածքներ վերադարձնելու հնարաւորութեան մասին, Ստեփանակերտ ընդգծած է, որ նախկին սահմաններուն վերադառնալն անհնար է:

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան այսօր «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ նշած է․ «Վերադարձ անցեալին չկայ: Թէ՛ սահմանների առումով, թէ՛ կարգավիճակի: Ամենակարեւոր, առանցքային բաղադրամասն այստեղ անվտանգութեան խնդիրն է: Միշտ ասել ենք, որ նախկին ԼՂԻՄ-ի սահմանները, ԼՂՀ 1991 թուականի սահմաններն ի վիճակի չեն ապահովել Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը: Եթէ անվտանգութիւնը թուլանայ, նրանք անմիջապէս յարձակուելու են մեզ վրայ»:

Դաւիթ Բաբայեան նշած է նաեւ, որ եթէ Պաքուի մէջ կը ցանկան խօսիլ տարածքներու մասին, ուրեմն պէտք է նախ եւ առաջ խօսիլ ատրպէյճանական «բռնազաւթման ներքոյ գտնուող» տարածքներուն մասին: «Ընդհանրապէս զիջում բառն ընդունելի չէ, եթէ Ատրպէյճանն ուզում է քննարկել․․․ այդ դէպքում սահմանները շատ լայն քաթեկորիա են, այստեղ մտնում է Հիւսիսային Արցախը, Շահումեանը, Գետաշէնը, Մարտունաշէնը, Մարտակերտի, Մարտունու գրաւուած տարածքները եւ այլն: Սա այնքան մեծ հարց է, մօտ 25 հազար ք/քմ տարածքի մասին է խօսքը»,- ըսած է Բաբայեան:

Երէկ Երեւանին մէջ մեկնարկած Հայաստան-Սփիւռք համահայկական համաժողովին ունեցած ելոյթի ժամանակ, անդրադառնալով ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման, Արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան, մասնաւորապէս, նշած է․ «Խօսքը գնում է այն տարածքների վերադարձի մասին, որոնց վերադարձի դէպքում այս ամբողջ հիմնախնդրի կարգաւորմանը եւ անվտանգութեան համակարգին վնաս չի հասցուելու եւ սպառնալիքի տակ չի դնելու հանգուցալուծումը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment