Home ՍՓԻՒՌՔ Սուրիահայ Շատ Ընտանիքներ Վերադարձած են Սուրիա. Հայ Պատգամաւոր

Սուրիահայ Շատ Ընտանիքներ Վերադարձած են Սուրիա. Հայ Պատգամաւոր

by MassisPost

Շատ սուրիահայեր, որոնք պատերազմի ընթացքին տեղափոխուած էին այլ երկիրներ, կամաց-կամաց կը վերադառնան Սուրիա: Այս մասին այսօր՝ 18 Սեպտեմբերին, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Ժիրայր Ռէիսեան:

Հայ պատգամաւորին խօսքով, պատերազմի ծանր տարիներէն ետք Սուրիա կը վերականգնուի:

«Սուրիահայերը պատերազմի տարիներուն տեղափոխուած էին տարբեր երկիրներ, ես այս գաղթ չեմ համարեր, այլ տեղափոխութիւն՝ անվտանգութենէ ելլելով: Մարդիկ ոչ միայն երկրէն դուրս եկած են, այլեւ վտանգի մէջ գտնուող քաղաքներէն առաւել անվտանգ վայրեր տեղափոխուած էին: Այժմ տեղեկութիւններ ունիմ, որ շատ սուրիահայեր վերադարձած են Հալէպ, այդ թուին, եւրոպական երկիրներէ, Հայաստանէն, անգամ Աւստրալիայէն ընտանիքներ կան, որոնք վերադարձած են: Ի հարկէ, խնդիրներ կան, սակայն պայմանները կը բարելաւուին»,- յայտնած է Ժիրայր Ռէիսեան:

Հայ պատգամաւորը յոյս ունի, որ յառաջիկային վերադարձողներն աւելի շատ պիտի ըլլան, քանի որ երկիրը կը կայունանայ: Ժիրայր Ռէիսեան յայտնած է նաեւ, որ Հալէպի մէջ ներկայիս կը բնակի մօտ 18 հազար հայ, իսկ ամբողջ երկրի հայերու թիւը կը հասնի շուրջ 28 հազարի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment