Home ՄԱՐԶԱԿԱՆ Մանչեսթըրի – Էվերթըն 4-0.- Մխիթարեան Դարձեալ Փայլուն Ելոյթ Ունեցաւ

Մանչեսթըրի – Էվերթըն 4-0.- Մխիթարեան Դարձեալ Փայլուն Ելոյթ Ունեցաւ

by MassisPost

Անգլիոյ առաջնութեան 5-րդ շրջանին «Մանչեսթըր Եունայթըտ» իր դաշտին մէջ չորս անպատասխան գնդակ ուղարկած է «Էվերթընի» դարպաս: Հանդիպման չորրորդ վայրկեանին հրաշալի կոլի հեղինակ դարձած է Անթոնիօ Վալենսիան:

Տանտէրերու մեկնարկային կազմին մէջ եղած էր Հայաստանի հաւաքականի աւագ Հէնրիխ Մխիթարեանը, որ 84-րդ վայրկեանին Ռոմելու Լուկակուի փոխանցումէն ետք դարձած է կոլի հեղինակ: Սա Հէնրիխի առաջին կոլն էր Անգլիոյ ընթացիկ առաջնութեան մէջ:

Վերջին վայրկեաններուն պելճիքացի յարձակող Ռոմելու Լուկակուն խփած է իր խումբի երրորդ գնդակը, իսկ աւելցուած երրորդ վայրկեանին 11 մեթրանոցը անվրէպ իրացրել է Անթոնի Մարսիալը:

Այս յաղթանակի շնորհիւ Ժոզէ Մոուրինիուի խումբը վաստակած է 13 միաւոր եւ «Մանչեսթըր Սիթի»ի հետ կը գլխաւորէ մրցաշարային աղիւսակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment