Տնտեսագէտներու համոզմամբ, հակառակ խոստացուած բարեփոխումներուն, վարչապետ Կարէն Կարապետեանի պաշտօնավարման մէկ տարուան ընթացքին տնտեսութեան մէջ որակական աճ չէ արձանագրուած։
«Մենք պէտք է ունենանք զարգացած, մրցունակ ու արդար երկիր», – տարի մը առաջ վարչապետի պաշտօնն ստանձնելով յայտարարած էր Կարէն Կարապետեան։
Ըստ Կառավարութեան այսօր հրապարակած զեկոյցին, Կարապետեանի պաշտօնավարման ժամանակահատուածին, մասնաւորապէս, 2017թուականի առաջին կիսամեակին տնտեսութիւնն աճած է 6.1 տոկոսով, արտահանումն ու ներմուծումը՝ համապատասխանաբար 21 եւ 25, իսկ արդիւնաբերական արտադրանքը՝ աւելի քան 12 տոկոսով:
Տնտեսագէտներու համոզմամբ, սակայն, անցնող մէկ տարուան ընթացքին հայաստանցիներու կեանքին մէջ որակական աճ չէ արձանագրուած, ներկայացուող աճը տեսանելի է միայն թիւերով։
Տնտեսագէտ Արտակ Մանուկեան պնդած է, թէ ներկայացուող աճը տեսանելի է միայն թիւերով․ – «Յամենայն դէպս, որ որեւէ ոլորտում գրանցուել են տեսանելիօրէն յաջողութիւններ, մենք չենք կարող խօսել: Դրա համար էլ մենք ունենք ընդամէնը քանակական աճ, այլ ոչ թէ որակական աճ»:
Խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հանրապետականի քարոզարշաւը գլխաւորող Կարէն Կարապետեան 2017-ի համար կանխատեսած էր 830 միլիոն տոլարի ներդրում։ Ըստ Կառավարութեան այսօրուայ զեկոյցին, այս տարուայ առաջին 8 ամիսներուն Հայաստանի մէջ իրականացուած է 375 միլիոն տոլարի ներդրում։ նշենք նաեւ, որ ներկայացուած գումարին մէջ կառավարութիւնը որպէս ներդրում հաշուարկած է նաեւ պետական ու համայնքային պիւտճէէն կատարուած ծախսերու մէկ մասը։
Տնտեսութեան լաւագոյն ցուցիչները, ըստ տնտեսագէտին, արտագաղթն ու գործազրկութիւնն են, որոնք կը շարունակեն անկում գրանցել․ – «Որակական աճի պարագայում դժուար է գտնել մի երկիր, որտեղ որ աւելի քան 6 տոկոս տնտեսական աճ է լինում, եւ այդ երկրից արտագաղթողների թուաքանակը աւելանում է 10 տոկոսով՝ նախորդ ժամանակաշրջանի հետ համեմատած: Սա ցուցանիշ է, որը վկայում է, որ այդ տնտեսական աճը մեծ հաշուով լայն հասարակութեան համար տեսանելի եւ զգալի չէ»:
Պաշտօնավարման սկիզբը Կարէն Կարապետեան աչքի կ’իյնար սուր քննադատութեամբ, բազմաթիւ յանձարարականներով ու երբեմն նաեւ շատերու համար անսպասելի յայտարարութիւններով։
Անոնցմէ մէկը, օրինակ, Ազգային ժողովէն ներս իր պաշտօնավարման երկրորդ օրն էր․ – «Ռեալ մեր տնտեսութեան վիճակը․․․ բաց, ազնիւ ասում եմ՝ շատ ծանր է, չափազանց ծանր է»:
Ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարելու համար նորանշանակ վարչապետը, որ իշխանութեան շրջանին մէջ առաւել յաճախ կը բնութագրուէր որպէս լաւ կառավարիչ, յայտարարեց առաջնահերթութիւններու մասին՝ տնտեսական աճ, առեւտուրի միջավայրի եւ ներդրումներու աշխուժացում։