Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոմիութեան Համար Կարեւոր է Հայաստանի Կայուն եւ Շարունակական Աճը. Փիոթր Սուիթալսքի

Եւրոմիութեան Համար Կարեւոր է Հայաստանի Կայուն եւ Շարունակական Աճը. Փիոթր Սուիթալսքի

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը շահագրգռուած է Հայաստանի բարգաւաճմամբ: «Հայաստանի մարզերուն մէջ Եւրոակումբներ» ծրագիրի ծիրին մէջ յայտարարուած «Ո՞ւր կ’աւարտի Եւրոպան» խորագրով համազգային ոչ ակադեմիական էսսէներու մրցոյթի փակման արարողութեան ծիրին մէջ պատասխանելով ներկաներու հարցերուն, այս մասին նշած է Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սուիթալսքի:

«Մեր ռազմավարական նպատակն է ստեղծել Եւրոպայի հարեւան տարածքին մէջ բարգաւաճում եւ հարստութիւն, հետեւաբար ես ուրախ եմ յայտնելով, որ որքան շատ յաջողութիւններ ունենայ Հայաստան՝ իր տնտեսութիւնը բարեփոխելով, կառուցելով կայուն եւ շարունակական աճ, ստեղծելով աշխատատեղեր, այդքան աւելի լաւ պիտի ըլլայ Եւրոմիութեան համար, քանի որ ինչպէս ըսի, մենք Հայաստանը կը համարենք եւրոպական ընտանիքի, մեր հարեւանութեան կարեւոր մէկ մաս: Մենք կը ցանկանք, որ հայերը, մասնաւորապէս՝ երիտասարդներն, իրենց երկրին մէջ գտնեն լիարժէք իրացում իրենց ձգտումներուն»,- նշած է դեսպան Սուիթալսքի, աւելցնելով, որ հաւանաբար ռազմավարական իմաստով շատերու համար Հայաստան այնքան ալ գրաւիչ չըլլայ, այնուամենայնիւ, այս երկիրն ունի հարուստ մշակոյթ, որ եւրոպական պատմութեան եւ աւանդոյթներուն մէկ մասն է, տաղանդաւոր մարդիկ, որոնք կրնան լուրջ ներդրում ունենալ եւրոպական ինքնութիւնը համատեղ զարգացնելու գործին մէջ:

ՀՀ քաղաքացիները պէտք է որոշեն, թէ ինչն է լաւ երկրին համար: Այս մասին յայտնած է դեսպան Սուիթալսքի, պատասխանելով լրագրողներու կողմէ ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու նախագիծին մասին հնչած հարցին:

«Այս երկրին մէջ ես կը ներկայացնեմ Եւրոմիութիւնը, հետեւաբար իմ հիմնական պատասխանատուութիւնն է հոգ տանիլ մեր յարաբերութիւններուն եւ մեր համագործակցութեան: Շատ ուրախ եմ, որ կը մօտենանք այն պահին, որ պիտի ստորագրենք համաձայնագիր Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ:

Համաձայնագիրը լիովին համադրելի է այն յանձնառութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն հետ, որոնք Հայաստան կրնայ ունենալ իր այլ գործողութիւններուն որպէս արդիւնքն: Այս է մեր մեկնակէտը եւ այս է վերջնակէտը, մնացեալ ամէն ինչը կը վերաբերի արդէն ՀՀ քաղաքացիներուն: Հայաստան ազատ երկիր է եւ ունի իրաւունք իր ըսելիքն ըսելու. եթէ կայացած որոշումները թշնամական չեն Եւրոմիութեան նկատմամբ, ես կատարելապէս ուրախ եմ անոնց համար»,- յայտնած է Սուիթալսքի, ընդգծելով, որ ԵՄ նկատմամբ տակաւին ոչ սիրալիր գործողութիւն չէ տեսած, չկայ որեւէ լուրջ տարաձայնութեան կէտ ԵՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment