Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հադրութի Արեւելեան Հատուածին Մէջ ԵԱՀԿ Դիտարկում Կատարուած է

Հադրութի Արեւելեան Հատուածին Մէջ ԵԱՀԿ Դիտարկում Կատարուած է

by MassisPost

12 Սեպտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ կայացած պայմանաւորուածութեան համաձայն, ԵԱՀԿ առաքելութիւնն Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծի նախագծային դիտարկում իրականացուցած է Հադրութի շրջանի արեւելեան ուղղութեամբ։

Արցախի ԱԳ նախարարութենէն «NEWS.am»ին յայտնած են, որ Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Բանակի դիրքերէն դիտարկումն իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի (ԳՆԱՆ) դաշտային օգնականներ Կենատիէ Փեթրիքա (Մոլտովա) եւ Միխայիլ Օլարու (Մոլտովա), ինչպէս նաեւ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից Մարթին Շուստըր (Գերմանիա)։

Շփման գիծի հակառակ կողմէն դիտարկումն իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրշիկ, անոր դաշտային օգնական Օկնէն Եովիչ (Պոսնիա եւ Հերսէքովնիա) եւ անձնական օգնական Սայմըն Թիլըր (Բրիտանիա):
Դիտարկումն անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի։

Դիտարկման առաքելութեան արցախեան կողմէն ուղեկցած են Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment