Խորհրդարանական «Ծառուկեան» խմբակցութեան ղեկավար, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան չի բացառեր, որ յառաջիկային իշխող Հանրապետականին հետ կրնայ դաշինք կազմել: «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան Ծառուկեան յայտնած է, թէ կեանքին մէջ ոչինչ կը բացառէ:
Յիշեցնենք, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ժամանակ ԲՀԿ-ականները կը վստահեցնէին, որ Ծառուկեան Հանրապետականին հետ որեւէ պարագայի դաշինք պիտի չկազմէ: Մինչդեռ Ծառուկեան մանրամասնած էր, որ եթէ դաշինք կազմողները համաձայնին, որ իր 15 կէտերը կատարուին, ուրեմն կը կազմէ, եթէ չէ՝ ոչ մէկուն հետ կը կազմէ:
«Բացառո՞ւմ էք, որ դուք Հանրապետականի հետ կոալիցիա կը կազմէք», – այսօր «Ազատութեան» այս հարցին «Ծառուկեան» դաշինքի առաջնորդը արձագանգած է․ – «Ես կեանքում ոչ մի բան չեմ բացառում, բայց երբ որ լինի, ես ասում եմ՝ կարեւորը՝ իմ խօսքը, խոստումը իմ ժողովրդին՝ ես դա պահելու եմ, պահպանելու եմ»:
Թէեւ Ծառուկեան չի բացառեր, որ Հանրապետականին հետ յառաջիկային կրնայ դաշինք կազմել, սակայն այնուամենայնիւ յստակ պատասխան չէ տուած, թէ արդեօք կը ցանկա՞յ, որ 2018-ի Ապրիլէն ետք Սերժ Սարգսեան որպէս վարչապետ շարունակէ պաշտօնավարել: Ծառուկեան պարբերաբար կը կրկնէր, թէ քանի որ ժողովուրդի մեծամասնութիւնն իր ձայնը տուած է Հանրապետականին, ուրեմն այդ ուժն ալ պիտի որոշէ, թէ ով պիտի ըլլայ վարչապետը: