Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Անընդունելի է Սերժ Սարգսեանի Իշխանութեան Երկարաձգում Վարչապետի Պաշտօնին». Արամ Սարգսեան

«Անընդունելի է Սերժ Սարգսեանի Իշխանութեան Երկարաձգում Վարչապետի Պաշտօնին». Արամ Սարգսեան

by MassisPost

Սերժ Սարգսեանի վարչապետ դառնալու ծրագիրը խափանելու հարցն առայժմ ընդդիմադիր «Ելք» դաշինքի օրակարգին մէջ չկայ: Անոր փոխարէն «Ելք»ի օրակարգին մէջ Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն Հայաստանի դուրս գալուն հարցը կայ: Ընդդիմադիր ուժն այսօր ծաւալուն փաստաթուղթ մըն հրապարակած է, ուր ներկայացուցած է Ռուսիոյ գլխաւորած տնտեսական այդ միութենէն դուրս գալու հիմնաւորումները:

Սերժ Սարգսեանի վարչապետ դառնալու ծրագիրը խափանելու հարցն ընդդիմադիր «Ելք» դաշինքի օրակարգին մէջ չկայ: Այս մասին «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին շեշտած է խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Սարգսեան, միաժամանակ շեշտելով, որ «Ելք»ի համար միանշանակ անընդունելի է Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան երկարաձգում վարչապետի պաշտօնին:

Սակայն, քանի տակաւին Սարգսեան նման մտադրութեան մասին չէ յայտարարած, ենթադրութիւններու հիման վրայ իրենք քայլեր ձեռնարկել չեն կրնար, ըսած է «Ելք»ի ղեկավար անդամը: Յիշեցնենք, որ անցեալ Յունիսին «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան, անդրադառնալով վարչապետի պաշտօնին իշխանութիւնը երկարաձգելու Սերժ Սարգսեանի հնարաւոր ծրագիրներուն, յայտարարած էր, թէ Հանրապետականը ետ պիտի կանգնի այդ քայլէն, եթէ տեսնէ, որ ժողովուրդը պատրաստ է դուրս գալ փողոց: Արամ Սարգսեան ալ աւելցուցած էր, թէ անհրաժեշտութեան պարագային իրենք պատրաստ են ոտքի հանել ժողովուրդը, Սերժ Սարգսեանին այդ ծրագիրը խափանելու համար:

«Այս փուլում, քանի դեռ Սերժ Սարգսեանը չի յայտարարել, որ ինքը միանշանակ նման մտադրութիւն ունի, քանի դեռ այդ ամէնը ենթադրութիւններ են, աւելին ասել, աւելին անել մենք չենք կարող: Մենք լուրջ քաղաքական ուժ ենք եւ քոնքրէթ փաստերից կարող ենք հետեւութիւններ անել: Հիմա ով կ’ասի, որ այսօրուանից գործընթաց է պէտք սկսել՝ մոպիլիզացնելու, համախմբելու, ես դա չեմ ընդունի, ես դրան չեմ հաւատում: Ինչո՞ւ, որովհետեւ ես բազմաթիւ անգամներ, գոնէ երկու անգամ, անցել եմ այդ փրոցէսով եւ արդիւնքի չեմ հասել: Հանրութիւնն ինքը որոշակի իմփուլսներ պիտի տայ: Մենք 100 հազար եւ աւելի մեզ քուէ տուած մարդիկ ունենք, եւ չենք կարող եթէների վրայ փլաններ կառուցել»,- «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արամ Սարգսեան:

Ան նշած է նաեւ, թէ շատ կ’ուզէ, որ Սերժ Սարգսեան այս անգամ պահէ իր խոստումը եւ, ինչպէս յայտարարած էր 2015 թուականին կայացած սահմանադրական հանրաքուէն առաջ, ո՛չ վարչապետ դառնայ, ո՛չ Ազգային ժողովի նախագահ, ոչ ալ նախագահ․ Հայաստան չի կրնար հետեւիլ Ռուսիոյ, Ղազախիստանի, Պելառուսի եւ Ատրպէյճանի օրինակին:

Հակադարձելով իր գործընկերոջ՝ Գէորգ Գորգիսեանի այն յայտարարութեան, թէ տարբերութիւն չկայ, թէ Հանրապետականէն ով պիտի ըլլայ վարչապետ՝ Սերժ Սարգսեան, թէ Արմէն Աշոտեան, Արամ Սարգսեան շեշտած է, որ տարբերութիւնը շատ մեծ է, քանի որ ցաւօք Հայաստան Ատրպէյճանէն միայն մէկ բանով շահեկանօրէն կը տարբերի՝ «մեր երկրում գոնէ իշխանութիւնը փոխուում է»: Եթէ նոյնը տեղի ունենայ նաեւ Հայաստանի մէջ, բան մը, որ կատարեց Լեռնային Ղարաբաղի պարագային, ուրեմն, ըստ Արամ Սարգսեանի, այդ մէկը շատ բացասաբար պիտի ազդէ երկրի հեղինակութեան վրայ:

«Ղարաբաղի հարց ունեցող երկրում այդ կարգի խնդիրներ դնելը քաթեկորիկ սխալ է: Ես շատ կ’ուզենամ, որ Սերժ Սարգսեանը սա հասկանայ: Գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանը սահմանադրական հանրաքուէի ողջ քարոզարշաւի ժամանակ չէր ալարում եւ անընդհատ կրկնում էր, որ այդ հանրաքուէն իր վերարտադրութեան համար չէ, ինքը բացարձակ նման նպատակ չունի, եւ դա ուղղակի Հայաստանի ժողովրդավարութեան համար է: Ասում էր, որ ինքը ո’չ վարչապետ, ո’չ Ազգային ժողովի նախագահ, ոչ էլ նախագահ կը դառնայ: Ես շատ եմ ուզում, որ Սերժ Սարգսեանն այս անգամ պահի իր խոստումը:

Տղամարդավարի ասել ես, որ չես դառնալու, մի՛ դարձիր: Ու եթէ Սերժ Սարգսեանը դա առաջարկի որ պաշտօն է զբաղեցնելու, դուրս կը գայ, որ ինքն այդ քարոզարշաւի ժամանակ խաբել է ժողովրդին: Եթէ խաբել է ժողովրդին, ուրեմն այդ հանրաքուէն հանրաքուէ չի, ուրեմն այդ Սահմանադրութիւնն էլ իր էութեամբ, թէեւ էլի կասկածելի էր, կրկնակի կասկածելի կը դառնայ»,- ըսած է Արամ Սարգսեան:

Վերջինիս ամփոփմամբ, այս հանգրուանին «Ելք» դաշինքի թիւ մէկ խնդիրն է՝ ցոյց տալ այն վտանգները, որոնք պիտի առաջանան Սերժ Սարգսեանի «երրորդ անգամ առաջադրուելու պարագային»: «Այսօր դրանից աւելին ասելը քաղաքական ուժի համար սխալ եմ համարում: Այդ պատճառով այդ հարցն այսօր մեր օրակարգում չէ»,- ընդգծած է Արամ Սարգսեան:

Փոխարէնն այժմ «Ելք»ի օրակարգին մէջ է Եւրասիական տնտեսական միութենէն Հայաստանի դուրս գալու հարցը: Ընդդիմադիր ուժն այսօր ծաւալուն փաստաթուղթ մը  հրապարակած է, ուր ներկայացուցած է Ռուսիոյ գլխաւորած տնտեսական այդ միութենէն դուրս գալու հիմնաւորումները: Մասնաւորապէս, ըստ «Ելք»ի, ԵՏՄ-ին միանալուն որպէս արդիւնք Հայաստան շարք մը ոլորտներու մէջ հետընթաց արձանագրած է: Անդամակցութեան 3 տարիներուն Հայաստանի ՀՆԱ-ն տոլարային հաշուարկով կրճատուած է 8 տոկոսով: Զբաղուածութեան մակարդակը նուազած է 13 տոկոսով, իսկ միջազգային պահուստները կրճատուած են 40 տոկոսով: Հայաստանի պետական պարտքն ալ, ըստ յիշեալ փաստաթուղթին, աճած է 10 տոկոսով:

Փաստաթուղթը արձանագրած է նաեւ, որ ԵՏՄ-ին անդամակցութիւնը կը սահմանափակէ 3-րդ երկիրներու, այդ թուին Հայաստանի անմիջական դրացիներու՝ Վրաստանի եւ Իրանի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները: «Ելք»ի շեշտած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելէն ետք չէ ամրապնդուած նաեւ Հայաստանի անվտանգութիւնը: Աւելին, ԵՏՄ անդամ պետութիւնները չեն նպաստեր ԼՂ հարցի խաղաղ կարգաւորման՝ բարձրագոյն մակարդակներով հանդէս գալով ի պաշտպանութիւն «Ատրպէյճանի ակրեսիւ քաղաքականութեան»:

Իսկ Հայաստանի ռազմավարական գործընկերը՝ Ռուսիա կը շարունակէ զինել Ատրպէյճանը, մատակարարելով այդ երկրի յարձակողական զէնքի եւ զինամթերքի 85 տոկոսէն աւելին: Որպէս հետեւանք, Հայաստանի ԵՏՄ-ին անդամակցելէն ետք, 1994 թուականէն ի վեր, հայկական կողմն առաջին անգամ 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին «էական տարածքային կորուստներ է ունեցել»,- նշած է «Ելք»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment