Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բրիտանիոյ Մէջ կը Պահանջեն Հետաքննութիւն Սկսիլ Ատրպէյճանի Կողմէ Դրամի Լուացման Գործով. Պաքու Կրկին կը Մեղադրէ Հայերը

Բրիտանիոյ Մէջ կը Պահանջեն Հետաքննութիւն Սկսիլ Ատրպէյճանի Կողմէ Դրամի Լուացման Գործով. Պաքու Կրկին կը Մեղադրէ Հայերը

by MassisPost

Միացեալ Թագաւորութեան ընդդիմութեան ներկայացուցիչները յորդորած են վարչապետ Թերեզա Մէյը հետաքննութիւն սկսիլ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ դրամի լուացման եւ անոր մէջ բրիտանական ընկերութիւններու ունեցած ներգրաւուածութեան գործով: Այս մասին կը յայտնէ բրիտանական հեղինակաւոր «The Guardian» պարբերականը:

Ի պատասխան ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու կողմէ հնչած պահանջին, Մէյի խօսնակը յայտնած է, որ Յանցագործութիւններու ազգային գործակալութիւնը պիտի ուսումնասիրէ լրատուամիջոցներու կողմէ հրապարակուած տեղեկութիւնները: «Գրասենեակը պիտի ուսումնասիրէ, թէ արդեօք կարիք կա՞յ հետաքննութիւն սկսելու»,- ըսած է խօսնակը: «Ժամանակն է հրապարակայնօրէն լուալու կեղտոտ ճերմակեղէնը եւ յստակօրէն պարզելու, թէ ով որու վճարած է եւ ինչու: Մենք ամբողջական հետաքննութեան կարիք ունենք, համոզուելու համար, որ կեղտոտ դրամները չեն օգտագործուած Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ազդեցութիւն գնելու նպատակով»,- ըսած է Լիպերալ-դեմոկրատներու նախկին առաջնորդ Թիմ Ֆարոն:

Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամ Մարգարիտ Հոտճ ընդգծած է, որ քանի տակաւին իրենք չեն գիտեր, թէ ովքեր տնօրինած են իրենց երկրին մէջ անօրինական գործունէութիւն ծաւալած չորս ընկերութիւնները, նման անընդունելի փորձառութիւնը կրնայ կրկուիլ: Լէյպըրիստական կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Փիթըր Տոտ նշած է, որ դրամի լուացումը մեծապէս կը վնասէ Միացեալ Թագաւորութեան տնտեսութեան եւ կը փտեցնէ հասարակութիւնը: Անգլօ-ատրպէյճանական հանրութեան անդամ Ճովտաթ Կուլիեւ, որ եղած է անօրինական գումարային փոխանցումներու շահառուներէն մէկը, այդ մասին բացայայտումէն վայրկեաններ անց հրաժարական տուած է:

Ան ստացած է շուրջ 400 հազար ֆունտ սթերլին գումար: «British Petrolium»ի նախկին աշխատակիցը կ’աշխատի Ատրպէյճանի պետական նաւթային ընկերութեան համար: Անգլօ-ատրպէյճանական հանրութեան համանախագահ, Լիպերալ-դեմոկրատ Լորտ Գերման նշած է, որ Կուլիեւ հեռացած է «The Guardian»ի մէջ կատարուած հրապարակումէն 9 վայրկեան անց: Ան ընդգծած է, որ Կուլիեւին կատարուած վճարումներէն  ոչ մէկ գումար փոխանցուած է հանրութեան: Գերմանին ուղղուած ելեկտրոնային նամակին մէջ Կուլիեւ չէ բացայայտած, թէ ուրկէ ստացած է գումարը, սակայն ըսած է, որ այն օրինական է եւ «անձնական օգտագործման համար»:

Ուշագրաւ է, որ պաշտօնական Պաքու Ալիեւներու ընտանիքի հերթական ապօրինի գործունէութեան բացայայտման շատ բուռն կերպով արձագանգած է, անմիջապէս մեղադրանքներ յղելով «The Guardian»ի եւ հայկական Սփիւռքի հասցէին: Առաջին պաշտօնական արձագանգի հեղինակը՝  Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Ալի Հասանով, յայտարարած է, թէ Ալիեւներու ռեժիմը դարձած է «բրիտանական հետախուզութեան, հայկական Սփիւռքի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ կազմակերպուած խնդրայարոյց արշաւի զոհը»: «Երբ պատահած է, որ «The Guardian» Ատրպէյճանի մասին ճշմարտութիւնը գրէ: Այս պարբերականը տասնեակ տարիներ յայտնի է հակա-ատրպէյճանական բնոյթով»,- նշած է Հասանով, հրապարակուած զեկոյցը «կողմնակալ, անհիմն ու սադրիչ» անուանելով: Աւելին, Ատրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութենէն յայտարարած են, թէ բացայայտումներու ետին կանգնած են ամերիկացի յայտնի ներդրող եւ միլիառատէր Ճորճ Սորոս եւ անոր հետ համագործակցող հայկական լոպպիստական ընկերութիւնները:

«Այն փաստը, որ «The Guardian»ի մէջ հրապարակուած յօդուածի հեղինակներէն մէկը հայ Տինա Նահապետեանն է, կը վկայէ, որ այդ մեղադրանքներու ետին հայկական լոպպին է»,- նշուած է նախագահականի յայտարարութեան մէջ: Ալիեւներու կողմէ դրամի լուացման մասին նոր բացայայտումէն անմիջապէս ետք Ատրպէյճանի իշխանութիւնները երկրէն ներս արգելափակած են Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծի (Organized Crime and Corruption Reporting Project) կայքի հասանելիութիւնը: Նոյն այս նախագիծն էր, որ հրապարակած էր «Ատրպէյճանական լուացքատուն» անունը ստացած գործի մանրամասները: «Ատրպէյճանական լուացքատուն»ը գործած է երկու տարի՝ մինչեւ 2014 թուական: Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծի զեկոյցին մէջ նշուած է, որ թէեւ գումարի աղբիւրը յայտնի չէ եղած, սակայն կան «բաւարար ապացոյցներ նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքին հետ կապ ունենալու վերաբերեալ»:

Նշուած է, որ գումարի մեծ մասը վճարուած է լոպպիստներուն, լրագրողներուն, քաղաքական գործիչներուն եւ գործարարներուն: Վճարման նախագիծը յատկապէս յաջող կերպով իրականացուած է Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ 2013 թուականին Ատրպէյճանի համար խիստ կարեւոր զեկոյցի քուէարկութեան ժամանակ: Այդ քուէարկութիւնը, որ կապուած է Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու հետ, ներկայիս հետաքննութեան տակ է, անոր հետ կապուած զեկոյցը պատրաստ պիտի ըլլայ 2017 թուականի վերջը:

Ստուերային գործունէութիւն ծաւալող ընկերութիւնները, որոնց միջոցով գումարները վճարուած են, գործած են Միացեալ Թագաւորութեան մէջ, երկուքը՝ Անգլիա, երկուքը՝ Սքօթլանտա: Անոնք այժմ լուծարուած են: Եւրոպական յայտնի դրամատուներէն մէկը՝ դանիական «Danske Bank»ը, այդ ընկերութիւններուն վճարումներ կատարած է Էսթոնիոյ իր մասնաճիւղին միջոցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment