Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Աջակցութիւն Յայտնած են Մէկզմէկու Տարածքային Ամբողջականութեան

Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Աջակցութիւն Յայտնած են Մէկզմէկու Տարածքային Ամբողջականութեան

by MassisPost

Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, նախատեսուած է նաեւ յաջորդ տարի կազմակերպել երեք երկիրներու նախագահներու գագաթնաժողով, կը հաղորդէ «APA»:

Հանդիպման որպէս արդիւնք ընդունուած է «2017-2019թթ. եռակողմ համագործակցութեան ծրագիր», ուր կողմերը, մասնաւորապէս հանդէս եկած են տարածաշրջանային հակամարտութիւններու լուծման օգտին:

«Տարածաշրջանին մէջ շարունակուող հակամարտութիւնները վնաս կը հասցնեն տարածաշրջանային խաղաղութեան, կայունութեան եւ զարգացման, ուստի պէտք է գտնել միջազգային իրաւունքի վրայ հիմնուած անոնց քաղաքական լուծումը», – նշուած է ընդունուած եռակողմ յայտարարութեան մէջ:

Արտաքին գործոց նախարարները նաեւ աջակցութիւն յայտնած են մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութեան:

«Եւս մէկ անգամ կ’ընդգծենք, որ անհրաժեշտ է շուտափոյթ կերպով կարգաւորել հակամարտութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին, Ատրպէյճանի յարակից շրջաններուն եւ Վրաստանի մէջ, հիմնուելով միջազգային իրաւունքի նորմերու եւ սկզբունքներու վրայ, պահպանելով պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, միջազգայնօրէն ընդունուած պետական սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ համապատասխան ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի եւ Եւրոխորհուրդի բանաձեւերու եւ որոշումներու»,- ընդգծած են նախարարները:

Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով յայտարարած է, որ յաջորդ տարի կրնայ կազմակերպուիլ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի նախագահներու գագաթնաժողով:

Անոր խօսքով, հանդիպման ժամանակ նախարարները որոշած են համապատասխան առաջարկ կատարել պետութիւնների ղեկավարներուն:

Բացի եռակողմ հիմնական հանդիպումէն, տեղի ունեցած է նաեւ երկկողմ հանդիպում Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ:

Անոնք նշած են, որ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը ուժանիւթի եւ երթեւեկութեան ոլորտներուն մէջ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ լայնածաւալ եւ փոխշահաւէտ նախագիծերու իրականացման համար: Բացի անկէ, ընդգծուած է երկու երկիրներու միջեւ աշխոյժ համագործակցութիւնը Եւրոպայի ուժանիւթի մատակարարման ուղղուած Հարաւային կազային միջանցքի իրականացման ուղղութեամբ:

Նախարարները կարծիքներ փոխանակած են Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի շինարարական աշխատանքները շուտափոյթ աւարտին հասցնելու վերաբերեալ, նկատելով, որ ՊԹԿ-ի գործարկմամբ ապրանքաշրջանառութիւնը պիտի աւելնայ: Դիւանագէտները նշած են նաեւ, որ լայն հնարաւորութիւններ կան Հիւսիս-հարաւ երթեւեկային միջանցքի զարգացման համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment