Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Ալի Պուհարա Մեթէ. «Այս Ֆիլմը կը Նուիրեմ Հրանդ Տինքին»

Ալի Պուհարա Մեթէ. «Այս Ֆիլմը կը Նուիրեմ Հրանդ Տինքին»

by MassisPost

yarim-kalanԹուրքիոյ մէջ 8 Սեպտեմբերին պիտի ցուցադրուի հայ եւ թուրք երիտասարդներու սիրոյ պատմութիւնը ներկայացնող «Կիսատ մնացած» ֆիլմը:

«Ermenihaber»ի փոխանցմամբ,  «Gerçek gündem» թերթի կայքը կը ներկայացնէ ֆիլմի գլխաւոր հերոսներէն մէկուն՝ Արամին մարմնաւորած թուրք դերասան Ալի Պուհարա Մեթէի մեկնաբանութիւնները ֆիլմին մասին:

Արամ ֆիլմի հերոսուհիին՝ Պոլսոյ համալսարանի ուսանող Իսկուհիին աւագ եղբայրն է, որ ամէն կերպով կը ջանայ խոչընդոտել քրոջ ու անոր թուրք ընկերոջ սէրը: Մեթէի խօսքով, իր մարմնաւորած հերոսը շարք մը նախապաշարումներ ունի, որոնց պատճառով շատ խիստ ու թշնամական վարք կը դրսեւորէ:

«Որպէս հնագոյն ազգեր, մենք շատ ընդհանրութիւններ ունինք: Ես հայերը ոչ թէ որպէս «օտար» կ’ընկալեմ, այլ որպէս  «մենք»- նշած է Մեթէ, աւելցնելով, որ ինք բազմաթիւ հայ ընկերներ ունի:

Դերասանին խօսքով, այս ֆիլմինմէջ  նկարահանուելով ան ջանացած է օրինակ վերցնել 2007թ. սպաննուած անուանի հայ լրագրող եւ հասարակական գործիչ, «Ակօս»ի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքէն:

«Կերպարը կերտած ժամանակ շատ աւելի հակադիր բան մը կը փնտռէի. սկսայ լսել Հրանդ Տինքը, փորձեցի հասկնալ զինք: Իմ խաղացած դերս Տինքին նման չէ: Իմ կերպարս չունի Հրանդ Տինքի դիրքորոշումները: Բայց ոճի եւ խօսքի տեսակէտէն անկէ օրինակ վերցուցած եմ: Հրանդը լսելէն ետք ինծի համար շատ աւելի դիւրին եղաւ խաղալը: Անոր համար այս ֆիլմը կը նուիրեմ Հրանդ Տինքի յիշատակին», – ըսած է Մեթէ:

Հայ-թրքական թեմայով  Թուրքիա նկրահանուած «Կիսատ մնացած» ֆիլմի բեմադրիչն է Էմրէ Եըլմազ: Գլխաւոր դերերով հանդէս եկած են  Իսկուհի Պալճեան, Անըլ Ալթան եւ Ալի Պուհարա Մեթէ:

Ֆիլմը կը ներկայացնէ Պոլսոյ համալսարանի հայ ուսանող Իսկուհիի եւ թուրք Մերթի սիրոյ պատմութիւնը: Իսկուհիին եղբայրը՝ Հայաստանէն Պոլիս մեկնած Արամը եւ Մերթի ընտանիքը դէմ են զոյգի յարաբերութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment