Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սամուէլ Պապայեանի Գործով Նիստի Ժամանակ Տեսանկարահանումը Արգիլուեցաւ

Սամուէլ Պապայեանի Գործով Նիստի Ժամանակ Տեսանկարահանումը Արգիլուեցաւ

by MassisPost

Ինչպէս քաղաքական հնչեղութիւն ստացած այլ գործերու պարագային, դատարանը երէկ արգիլեց նաեւ Սամուէլ Պապայեանի դատավարութեան տեսանկարահանումը: Նման պահանջով միջնորդութիւն ներկայացուցած էր մեղադրող դատախազը: Դատաւոր Արշակ Վարդանեանը բաւարարած է միջնորդութիւնը:

Սամուէլ Պապայեանը, մինչդեռ, կտրականապէս դէմ էր, պնդելով, որ կ’ուզէ հրապարակային դատաքննութիւն: Ան, մասնաւորապէս, կ’ուզէր, որ լուսաբանուի «Իգլա» զինատեսակը իրաւապահներուն յանձնած Հրաչեայ Մայիլեանի հարցաքննութիւնը: – «Ես խնդրում եմ, որ եթէ մենք դատական պրոցեսում ենք, լսենք իրար եւ հասկանանք՝ իրականում ինչ է կատարուել»,- դատարանում յայտարարած է Պապայեանը:

Ըստ մեղադրանքի, Սամուէլ Պապայեանը 50 հազար տոլար խոստացած է այս գործով մեղադրեալ Սանասար Գաբրիէլեանին՝ «Իգլա» տեսակի զէնիթահրթիռային համալիր ձեռք բերելու համար: Գաբրիէլեանն ալ Վրաստանի մէջ գործարար կապեր ունեցող Հրաչեայ Մայիլեանի միջոցով գտած է զինատեսակը: Մեղադրանքին մէջ թէեւ նշուած է, որ պատուիրատու Սամուէլ Պապայեանին ցոյց տալու համար «Իգլա»-ն լուսանկարուած է Արմաւիրի գիւղերէն մէկուն մէջ, սակայն չէ յստակեցուած՝ արդեօ՞ք այն ներկրուած է Վրաստանէն:

Շեշտելով, որ Վրաստանէն ներկրման հանգամանքը գործին մէջ չկայ, Պապայեան ըսած է․ – «Վրաստանից ոչ ոք ոչ մի բան չի բերել, ամբողջը ներկայացուել ա ստեղ: Հնարաւորութիւն տուէք ապացուցելու, որ հասարակութիւնն իմանայ իրականութեան մասին»:

«Իգլա» համալիրը Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան յանձնած մեղադրեալ Հրաչեայ Մայիլեանը պիտի հարցաքննուի յաջորդ նիստին:

«Իգլա»-էն բացի, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախկին նախարարը կը մեղադրուի նաեւ յանցաւոր ճանապարհով ստացուած փողեր ձեռքբերելու մէջ, խօսքը յատուկ նիւթով ներկուած եւ օրինական շրջանառութենէն հանուած 5,000 եւրօ թղթադրամներու մասին է, որոնք, ըստ մեղադրանքի, Սամուէլ Պապայեանը ուզած է քիմիական մաքրման եւ վերամշակման միջոցով Հայաստանի մէջ շրջանառութեան մէջ դնել:

Երէկ հարցաքննուած է Մոսկուայէն գումարը Հայաստան տեղափոխած հանրակառքի վարորդը: Արմէն Յակոբեանը դատարանէն ներս յայտարարած է, որ Սամուէլ Պապայեանին չի ճանչնար:

Մոսկուա-Երեւան ուղեւորափոխադրող ընկերութեան ղեկավարը եւս յայտարարած է, որ չի ճանչնար Սամուէլ Պապայեանին, կատարած է այս գործով մեղադրեալ, իր ծանօթ Դաւիթ Յարութիւնեանի խնդրանքը՝ ծրարը տեղափոխած Հայաստան, թէեւ ի տարբերութիւն վարորդի՝ իմացած է, որ պարունակութիւնը թղթադրամներ են: – «Ինձ խնդրեցին, որ խոշոր գումար կար բերելու, ասացի՝ եթէ օրինական է, խնդիր չկայ, կը բերենք», – պատմած է ան:

Վկաներէն մէկուն հարցաքննութիւնը Սամուէլ Պապայեանը ընդհատեց՝ յայտարարելով, թէ բոլոր ցուցմունքները ուղղորդուած են քննիչի կողմէ:

Այնուամենայնիւ, որքան ալ որ Սամուէլ Պապայեանը պնդէ, թէ գործը շինծու է, իրեն ազատազրկելու խնդիր դրուած եղած է, միաժամանակ չըսեր, թէ ինչո՞ւ, ի՞նչ նպատակով եւ արդեօք սա քաղաքական հետապնդում է: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախկին նախարարը կալանաւորուեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւններէն օրեր առաջ, երբ աշխոյժ կ’աջակցէր պաշտպանութեան նախկին նախարար Սեյրան Օհանեանի գլխաւորած ընդդիմադիր դաշինքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment