Home ԱՅԼԱԶԱՆ Թանէր Աքչամին Մրցանակ Շնորհուած է «Աշխարհն Առանց Ցեղասպանութեան» Կազմակերպութեան

Թանէր Աքչամին Մրցանակ Շնորհուած է «Աշխարհն Առանց Ցեղասպանութեան» Կազմակերպութեան

by MassisPost

Քլարք համալսարանի պատմութեան փրոֆեսոր, ազգութեամբ թուրք Թանէր Աքչամին «Աշխարհն առանց ցեղասպանութեան» կազմակերպութեան կողմէ շնորհուած է «Ականաւոր ճշմարտութեան ջատագով» (Outstanding Upstander Award) մրցանակ՝ արդարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան բնագաւառին մէջ իր կատարած աշխատանքին համար:

«Աշխարհն առանց ցեղասպանութեան» կազմակերպութիւնը նպատակ ունի «պաշտպանել ամբողջ աշխարհի մէջ անմեղ մարդոց, կանխել ցեղապաշտութեան  եւ նախապաշարումներու հողի վրայ ցեղասպանութիւնը, հետամուտ ըլլալ յանցագործներու դատավարութեան եւ վառ պահել անոնց յիշատակը, որոնց կեանքն ու մշակոյթը ոչնչացած է բռնութեամբ»:

Թանէր Աքչամը առաջին թուրք մտաւորականներէն է, որ բացայայտօրէն կը խօսի Հայոց ցեղասպանութեան մասին: «Մենք մշտապէս հիացած ենք Ձեր խիզախ եւ նուիրուած աշխատանքով՝ փաստագրելու Օսմանեան կառավարութեան կողմէ հայ ժողովուրդի դէմ գործած վայրագութիւնները: Դուք չդադրեցաք բարձրաձայնել այդ ցեղասպանութեան մասին՝ հակառակ թուրք ազգայնականներու կողմէ մահուան սպառնալիքներուն»,- ըսած է «Աշխարհն առանց ցեղասպանութեան» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Էքեն Ճ. Քենետին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment