Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԱՀԿ Երեւանեան Գրասենեակը Դադրեցուց իր Գործունէութիւնը

ԵԱՀԿ Երեւանեան Գրասենեակը Դադրեցուց իր Գործունէութիւնը

by MassisPost

31 Օգոստոսին ԵԱՀԿ գրասենեակը դադրեցուց իր գործունէութիւնը Երեւանի մէջ: 17 տարուայ արդիւնաւէտ աշխատանքէ ետք գրասենեակը դադրեցուց գործունէութիւնը, դրօշը՝ իջաւ:

Պատճառն այն է, որ ԵԱՀԿ չկրցաւ դիմակայել Ատրպէյճանը, որ վեթօ դրաւ կազմակերպութեան պիւտճէին վրայ, քանի ծրագիրներու հետ կապուած, որոնք, իբր թէ, կ’իրականացնէ ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակը:

ԵԱՀԿ Մշտական խորհուրդը չկրցաւ ձայներու մեծամասնութիւն ձեռք բերել Հայաստանի մէջ կազմակերպութեան ներկայացուցչութեան մանդատի երկարաձգման հարցով:

Հայաստան միակ երկիրն էր Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին, ուր տակաւին ԵԱՀԿ գրասենեակ կը գործէր: 2015 թուականին այն փակուեցաւ Պաքուի մէջ, իսկ Թիֆլիսի մէջ կազմակերպութեան մանդատի ժամկէտն աւարտեցաւ 2008 թուականի Դեկտեմբերին ու չերկարաձգուեցաւ:

Գերմանական, յետոյ նաեւ աւստրիական նախագահութիւնը կը փորձէին համոզել Ատրպէյճանը պահանջներուն անհիմն ըլլալու հարցին շուրջ, բայց ապարդիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment