Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԱՄՆ Հրաժարած է Թուրքիա Ուղարկել «F-16»ի Օդաչուներու Հրահանգիչները

ԱՄՆ Հրաժարած է Թուրքիա Ուղարկել «F-16»ի Օդաչուներու Հրահանգիչները

by MassisPost

ԱՄՆ մերժամբ պատասխանած է Թուրքիոյ յայտին «F-16» կործանիչներու օդաչուներու հրահանգիչներ ուղարկելու մասին, կը յայտնէ «Hurriyet Daily News»:

Յայտն ԱՄՆ ուղարկուած էր «հակազդեցիկ օդանաւերու թուրք օդաչուներու պակասը լրացնելու նպատակով»:

Թուրքիա նոյնպիսի յայտով դիմած է նաեւ այլ երկիրներու: Փաքիստան դրական արձագանգած է, սակայն ԱՄՆ անոր դէմ է: Ամերիկեան սարքաւորման ձեռքբերման վաճառքի պայմանագիրին համաձայն, երրորդ երկիրներու կողմէ  տեխնիկական սպասարկումը եւ մարտական պատրաստումը կը պահանջէ Ուաշինկթընի հաւանութիւնը:

Այդ ժամանակ Անգարա երկրորդ անգամ դիմած է Ուաշինկթընին, սակայն դարձեալ մերժում ստացած: Պարբերականի տեղեկութիւններով, Փենթակոնը պատասխանած է, որ «գոյութիւն չունին արտասահմանի մէջ օդաչուներ պատրաստելու ծրագիրներ»: ԱՄՆ առաջարկած է թուրք օդաչուները ԱՄՆ ուղարկել սորվելու, սակայն Թուրքիա պնդած է իր կայաններուն մէջ օդաչուներ պատրաստելու հարցը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment