Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Պարախումբի Տպաւորիչ Ելոյթը

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Պարախումբի Տպաւորիչ Ելոյթը

by MassisPost

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պարախումբի 5րդ տարեդարձին առիթով գեղարուեստական բարձրորակ համերգ մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 26  Օգոստոս, 2017, Գալիֆորնիոյ Լա Գանիատա քաղաքի Լանդերման հանդիսասրահին մէջ: Պարախումբի յանձնախումբի պատասխանատուներէն` Յարութ Տէրվիշօղլեանի ողջոյնի խօսքէն ետք գործադրուեցաւ շուրջ երեք տասնեակ գեղարուեստական, ազգային եւ միջազգային պարեր, որոնք իրենց գունագեղութեամբ, համաչափութեամբ ու ներդաշնակ կատարումներով մեծապէս ոգեւորեցին ներկայ հանդիսատեսները: Ասմունքով իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Զուարթ Ֆրոյեանը:

Այս առթիւ Կլենտէյլի քաղաքապետ տիար Վարդան Կարապետեան եւ Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ Վրէժ Աղաճանեան բեմ ելլելով, գնահատեցին պարային համոյթի ելոյթները եւ շնորհաւորագիր յանձնեցին Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պարի համոյթի հիմնադրութեան 5րդ ամեակին առթիւ: Իր հերթին ՆՍՄՄի վարչութեան անունով ատենապետ Յարութ Տէր Դաւիթեան յատուկ գնահատագրեր յանձնեց գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Վարդուհի Միննասեանին եւ պարախումբի գլխաւոր պատասխանատու Արմինէ Լաչինեանի:

Նոյն յիշատակելի միջոցառումը վերջ գտաւ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ` Տ. Սարգիս Քհնյ. Փեթոյեանի աղօթքով:

nsca-7

nsca-5

nsca-3

nsca-4

nsca-10

nsca-11

nsca-12

nsca-13

nsca-14

nsca-15

nsca-16

nsca-6

nsca-8

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment