Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Արգիլած է Անօդաչու Թռչող Սարքեր Մատակարարել Ատրպէյճանին

Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Արգիլած է Անօդաչու Թռչող Սարքեր Մատակարարել Ատրպէյճանին

by MassisPost

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները  կը յայտնեն, որ իսրայէլական «Aeronautics» ընկերութիւնը ժամանակաւոր կերպով սառեցուցած է «կարեւոր յաճախորդին» 20 միլիոն տոլարի «Orbitier K1» անօդաչու սարքերու խմբաքանակի մատակարարումը:

Կը յայտնուի որ,  մատակարարումը պէտք է կատարուէր 2017-2018 թուականներուն: 2016-ին  այդ երկրի գնումները  կազմած են ընկերութեան եկամուտներու 20%-ը, իսկ 2015 թուականինª 18%-ը:

Ընկերութիւնը չէ նշած յաճախորդին անունը սակայն, «Aeronautics»-ի յաճախորդի նկարագրութիւնը կը համապատասխանէ միայն Ատրպէյճանին:

Մի քանի շաբաթ առաջ իսրայէլեան մամուլը գրած էր որ,  «Aeronautics Defense Systems»  ընկերութեան  մասնագէտները մերժած էին  ցուցադրել Ատրպէյճանին  մատակարարուող  նոր անօդաչու սարքերու հնարաւորութիւններըª հարուածելով հայկական թիրախները: Ստիպուած` ընկերութեան ղեկավարները իրենք անձամբ կատարած են այդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment