Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մարթին Շուլց Յայտարարած է, որ Թուրքիոյ Նախագահը Քաղաքական Բռնապետութիւն Ստեղծած է

Մարթին Շուլց Յայտարարած է, որ Թուրքիոյ Նախագահը Քաղաքական Բռնապետութիւն Ստեղծած է

by MassisPost

Գերմանիոյ Սոցիալ-դեմոկրատներու առաջնորդ Մարթին Շուլց յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ նախագահ էրտողան քաղաքական բռնապետութիւն ստեղծած է:

Շուլց, որ Սեպտեմբերին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն վարչապետ Անկելա Մերքէլի հիմնական մրցակիցն է, կոչ ուղղած է Եւրոմիութեան դադրեցնել անդամակցութեան շուրջ Անգարայի հետ բանակցութիւնները:

Շուլց մեղադրած է Գերմանիոյ վարչապետը  Թուրքիոյ հանդէպ չափազանց մեղմ քաղաքականութիւն վարելուն մէջ «Դեռ որքա՞ն պիտի հետեւիք, թէ Էրտողան ինչպէս ձեզ մատներու վրայ կը խաղացնէ», – ըսած է Շուլց, որուն պնդմամբ, պէտք է վերջնաժամկէտ ներկայացնել Էրտողանին գերմանացի լրագրողներն ազատ արձակելու հարցին շուրջ, հակառակ պարագային դադրեցնել Թուրքիոյ եւ ԵՄ մաքսային միութեան պայմանագիրի ընդլայնման շուրջ բանակցութիւնները:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ կալանքի տակ գտնուող Գերմանիոյ քաղաքացիներու թուին կան նաեւ Պոլսոյ կղզիներուն մէջ ձերբակալուած իրաւապաշտպաններ, ինչպէս նաեւ գերմանական «DW» կայանի Թուրքիոյ թղթակից Տենիզ Եուճել, որուն արտայանձնման հարցին շուրջ Թուրքիա կը շարունակէ յամառութիւն դրսեւորել:

Աւելի վաղ Էրտողան Գերմանիոյ ծագումով թուրք քաղաքացիներուն կոչ ուղղած էր ձայն չտալ Քրիստոնեայ դեմոկրատական, Սոցիալ-դեմոկրատական եւ Կանաչներու կուսակցութիւններուն, յայտարարելով թէ «բոլոր այդ կուսակցութիւնները Թուրքիոյ թշնամի են»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment