Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Հայազգի Գործարարն ու իր Ղեկավարած Ընկերութիւնը Յայտնուած են ԱՄՆ Պատժամիջոցներու Ցանկին Մէջ

Հայազգի Գործարարն ու իր Ղեկավարած Ընկերութիւնը Յայտնուած են ԱՄՆ Պատժամիջոցներու Ցանկին Մէջ

by MassisPost

Մոսկուա գրանցուած «Gefest-M» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռուբէն Կիրակոսեան հերքած է Հիւսիսային Քորէայի հետ համագործակցութիւնը, որուն պատճառով Միացեալ Նահանգները անհատապէս անոր եւ անոր գլխաւորած ընկերութեան դէմ պատժամիջոցներ սահմանած է:

Ան ըսած է, թէ Հիւսիսային Քորէայի հետ շփումներ եղած են, բայց առնուազն վերջին հինգ տարիներու ընթացքին գործարքներ չեն իրականացուած:

«Անոնք մետաղի մշակման սարքաւորումներ կ’առաջակէին։ Հանդիպած ենք՝ ե՛ւ մեր մօտ, ե՛ւ անոնց մօտ, սակայն յետոյ որեւէ շփումներ չեն եղած վերջին առնուազն 5-6 տարիներու ընթացքին», – «ԹԱՍՍ»ին յայտնած է Կիրակոսեան, աւելցնելով, որ քննարկած են նաեւ Հիւսիսային Քորէա հայկական գինի եւ ծխախոտ արտահանելու հնարաւորութիւնները, սակայն այդ գործարքը նոյնպէս չէ կայացած:

Ռուբէն Կիրակոսեանի «Gefest-M» ընկերութիւնը կը զբաղի մետաղներու առեւտուրով:

ԱՄՆ-ի Ելեւմուտի նախարարութեան պատժամիջոցներու ցանկին մէջ նշուած է, որ Կիրակոսեանի ընկերութիւնը համագործակցած է քորէական «Tangun» կազմակերպութեան (Korea Tangun Trading Corporation) հետ, որ Քորէայի պաշտպանութեան եւ հրթիռային ծրագիրներու մշակումներու հետ կապ ունի, այդ պատճառով ալ կը գտնուի ՄԱԿ-ի եւ ԱՄՆ-ի պատժամիջոցներուն տակ:

ԱՄՆ-ի Ելեւմուտի նախարարութեան 22 Օգոստոսին սահմանած նոր պատժամիջոցներու ցանկին մէջ ներառուած են 10 ընկերութիւններ եւ վեց անհատներ: Անհատներէն չորսը Ռուսիոյ քաղաքացիներ են, այդ թուին՝ Ռուբէն Կիրակոսեան, եւ մէկ ընկերութիւն՝ անոր «Gefest-M» ընկերութիւնը, միւսները՝ Չինաստան (5), Սինկափուր (2) եւ Նամիպիա (2) գրանցուած ընկերութիւններ են:

ԱՄՆ-ի Ելեւմուտի նախարարութիւնը պարզաբանած է, որ լրացուցիչ պատժամիջոցները կը սահմանուին, քանի որ Հիւսիսային Քորէա կը շարունակէ զարգացնել զանգուածային ոչնչացման զէնքի մշակումները, կը խախտէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւը եւ կը փորձէ խուսափիլ ամերիկեան պատժամիջոցներէն:

«Նոր պատժամիջոցներուն մէջ ներառուած են մարդիկ, որոնք կ’օգնեն արդէն պատժամիջոցներու տակ գտնուող մարդոց, Հիւսիսային Քորէայի միջուկային եւ հրթիռային ծրագիրներուն աջակցելու համար, կամ ալ Հիւսիսային Քորէային ուժանիւթի եւ ռազմավարական նիւթեր կը մատակարարեն», – պարզաբանած է ԱՄՆ-ի Ելեւմուտի նախարարութիւնը։

Մոսկուա կտրուկ կերպով արձագանգած է Ռուսիոյ 4 քաղաքացիներն ու ոչ այնքան յայտնի ընկերութիւնը պատժամիջոցներու ցանկին մէջ ընդգրկելու որոշման:

Արտաքին գործոց նախարարի փոխանորդ Սերկէյ Ռիապքով յայտարարած է, որ Ռուսիա անպայման պատասխան պիտի տայ եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն արդէն կը մշակէ պատասխան քայլերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment