Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրք Յատուկ Ջոկատայինները «Ծպտեալ» Հայերու Դէմ Ուղղուած Արշաւ Սկսած են. «Ակօս»

Թուրք Յատուկ Ջոկատայինները «Ծպտեալ» Հայերու Դէմ Ուղղուած Արշաւ Սկսած են. «Ակօս»

by MassisPost

Թուրքիոյ Տիարպէքիր նահանգի Հազզօ գիւղի 76-ամեայ բնակչուհին պատմած է, որ թուրք յատուկ ջոկատայինները, հայ ըլլալու մէջ կասկածելով, զինք ճնշումներու ենթարկած են: Այս մասին կը յայտնէ «Ակօս» պարբերականը:

Քրտական Հազզօ գիւղի բնակչուհի Սանիէ Էքթին իր թոռնուհիին պատմած է, որ իրենց տուն այցելած են քաղաքացիական հագուստով թուրք յատուկ ջոկատայիններ եւ հայերէն խօսած:

Անոնք քիւրտ կնոջ տան մէջ «Աստուածաշունչ» տեսնելով, հայերէն ըսած են. «Եթէ հայ ես, քօղարկելու կարիք չկայ, անկեղծ ըսէ մեզի»:

Տիարպէքիրի Հազզօ գիւղը գլխաւորաբար քիւրտերով բնակուած է, որոնք կ’աջակցին քիւրտերու անկախութեան համար պայքարող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան, եւ այդ պատճառով գիւղը մշտապէս թուրք յատուկ ջոկատայիններու հսկողութեան տակ է:

«Ակօս»ի հետ զրուցած է Սանիէ Էքթինի թոռնուհի Ճէյլան Աքչա, որ պատմած է, թէ իր մեծ մայրը քիւրտ իսլամ է եւ երիտասարդ օրերուն մասնակցած է քրտական շարժումներուն:

Թուրք ոստիկաններուն մօտ կասկած առաջացուցած է տան գրադարանին մէջ «Աստուածաշունչ»ի առկայութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment