Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մաքսիմ Մանուկեան Աշխարհի Ախոյեան Դարձաւ

Մաքսիմ Մանուկեան Աշխարհի Ախոյեան Դարձաւ

by MassisPost

Փարիզի մէջ ընթացող յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան  80 քիլօ կրամ ծանրութեան մէջ հանդէս եկող Մաքսիմ Մանուկեան աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին արժանացաւ աւարտական մրցումին 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պելառուսի ներկայացուցիչ Ռադիկ Կուլիեւին:

Կիսաեզրափակիչին հայ ըմբիշը 1.55 վայրկեանի մէջ յաղթանակ տարած էր Եւրոպայի գործող ախոյեան, վրացի Զուրաբի Դատունաշվիլիին դէմ` 7:0: Մանուկեանը պայքարը սկսած էր որակաւորման փուլէն, որտեղ 10:1 հաշիւով առաւելութեան  հասած էր իրանցի Եուսեֆ Ղադերիանի նկատմամբ, այնուհետև 3:0 հաշիւով յաղթանակ գերմանացի Այզեկի նկատմամբ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment