Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլան Դատի Տուած է Քրիստոնեաները «Կեաւուր» Անուանած Թուրք Լրագրողը

Կարօ Փայլան Դատի Տուած է Քրիստոնեաները «Կեաւուր» Անուանած Թուրք Լրագրողը

by MassisPost

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան բողոքներ կայացուցած է Թուրքիոյ հանրապետական դատախազութիւն թրքական  «ԵնիՇաֆաք» պարբերականի սիւնակագիր Հայրեթթին Քարամանի դէմ: Այս մասին կը գրէ «t24.com.tr» կայքը:

Օրեր առաջ Քարաման իր հերթական յօդուածներէն մէկը վերնագրած էր թրքական «Խոզի կաշին սփռոց չի դառնար, կեաւուրն ալ բարեկամ չի դառնար» ասացուածքով, վիրաւորանք ուղղելով քրիստոնեաներուն դէմ:

Իր յօդուածին մէջ «ԵէնիՇաֆաք»ի յօդուածագիրը մէջբերում կատարած էր Ղուրանին մէջ տեղ գտած հրահանգներէն, ոչ իսլամ ժողովուրդներուն հետ փոխ-յարաբերութիւններուն ու անոնց հետ վարուելու կանոններուն մասին:

Փայլան մեղադրած է թուրք սիւնակագիրը ժողովուրդին մէջ ատելութիւն սերմանելուն, ինչպէս նաեւ հասարակութեան որոշ զանգուածը նուաստացնող յօդուածներուն համար:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment