Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ Տարիներ Շարունակ իր Ինքնութիւնը Թաքցուցած Հայուհին Պատմած է իր Ընտանիքի Հայ Ըլլալու Մասին

Տարիներ Շարունակ իր Ինքնութիւնը Թաքցուցած Հայուհին Պատմած է իր Ընտանիքի Հայ Ըլլալու Մասին

by MassisPost

Տիարպէքիրի  Սուր թաղամասին մէջ, որ 2015 թուականին յայտնուած էր թուրք-քրտական նոր բախումներու կիզակէտին, այս օրերուն կ’ոչնչացուին հարիւրաւոր հնագոյն կառոյցներ։ Կառոյցներու ոչնչացման այս օրերուն թրքական «dihaber.net» կայքի լրագրողները գացած են Սուրի հայկական անցեալի եւ մինչեւ օրս պատմական Սուրի հետ կապը պահող տեղացի հայերուն հետքերով:

Սուրի մէջ իսլամացած հայ ընտանիքին մէջ մեծցած Այթէն Էքիճի ցաւով նշած է, որ Սուրի աւերման հետ իշխանութիւնները հողին կը հաւասարեցնեն ամբողջ պատմական անցեալ մը:

Իր ընտանիքին պատմութիւնը թրքական լրատուամիջոցին հետ կիսած տիարպէքիրցի հայուհիին հարցազրոյցը միեւնոյն ժամանակ լոյս կը սփռէ 1915-էն ետք Թուրքիոյ եւ, մասնաւորապէս, Տիարպէքիրի մէջ իրենց կեանքը շարունակած հայ որբերուն յետագայ սերունդներու ճակատագիրին վրայ:

«Հայրական մեծ մայրս կրօնափոխուելէն ետք ինքզինք կրօնքին նուիրեց: Հակառակ անոր, որ քրիստոնեայ հայ ընտանիքի զաւակ էր, Ղուրանը շատ լաւ գիտէր: Նոյնիսկ մեր թաղի երեխաներուն տարիներ շարունակ Ղուրանի դաս տուած է: Բայց Կիրակի օրերը հիճապը կը քաշէր վրան, դէմքը կը ծածկէր, ձեռքս կը բռնէր կը տանէր եկեղեցի:

Կրպակէն ինծի համար ափ մը լեպլեպի կ’առնէր եւ երկու կարկանդակ: Աւելի ուշ հասկցայ, որ անով սիրտս կը շահէր, որ ոեւէ մէկուն չպատմեմ մեր դէպի եկեղեցի ճամբորդութեան մասին:

Պատարագի ժամանակ կ’ըսէր.- Մե’ծ մայրիկ, որո՞նք են այս մարդիկը, այս ի՞նչ վայր է: Ձեռքով նշան կ’ընէր, որ ձայն չհանեմ ու կ’ըսէր.- Մեծ հօրդ ազգականներն են անոնք», – կը յիշէ Այթէն Էքիճի:

Ան կը պատմէ, որ իր ընտանիքին մէջ եղած այս հակասութիւնը ստիպած է զինք կորսնցնել իր հանգիստը:

«Ըսի.- Մենք ո՞վ ենք, ի՞նչ ենք: Մէկ կողմէն եկեղեցի, միւս կողմէն՝ Ղուրան: Հայրս այս տարածքի առաջին ճաշարանը բացողն էր, ճաշարան, ուր կայ խմիչք: Նման կրօնամոլ  կնոջ մը զաւակն այդպիսի ճաշարան կը բանար, իրար շատ անհամապատասխան բաներ են ասոնք», – կը շարունակէ Էքիճի:

Անոր օր ընտանիքին պատմութիւնը նոյնպէս կապուած է Ցեղասպանութեան հետ: Այթէն տեղեկացած է, որ իր մայրական մեծ հայրը Տիարպէքիր հասած է 1915-ին՝ Էրզրումի Օթ շրջանէն: Կը յիշէ, որ անոր անձնագիրին մէջ, զոր խնամքով պահած էր մայրը, գրուած էր «Մուհթէտի», այսինքն՝ կրօնափոխ:

«Գաղթի ճամբուն վրայ անոր հայրն ու մայրը սպանած են իր ու աւագ քրոջ աչքին դիմաց: Մեծ հայրս տիարպէքիրցի քիւրտ աղա մը տարած է, անունը Ներիփ էր: Հայ որբերն իրար հետ կ’ամուսնացնէին, մեծ հօրս համար ալ մեծ մայրս կը գտնեն: Յետագայ տարիներուն ալ մեծ հայրս իմանալով, որ քոյրն առեւանգողներն ալ զինք  Տիարպէքիր բերած են, ամիսներ շարունակ փողոց առ փողոց անտունի պէս կը սկսի փնտռել քոյրը: Բայց քոյրը տարած աղան թոյլ չի տար, որ հանդիպին: Այդ հանդիպումն այդպէս ալ չիրականացաւ, եւ մեծ հայրս մահացաւ աղքատութենէ: Մեծ մայրս 5 երեխաները պահելու համար տեղի հիւանդանոցին լուացքատան մէջ  աշխատած է: Օրերով տուն չէր կրնար գալ: Մայրս միշտ կ’ըսէր.  «չոր հացը մեծ դժուարութեամբ կը գտնէինք»: Անոր համար մօրս համար հացը միշտ սուրբ էր»,- կը պատմէ Էքիճի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment