Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լեւոն Արոնեան Սենթ-Լուիսի Գերմրցաշարի Միանձնեայ Յաղթող

Լեւոն Արոնեան Սենթ-Լուիսի Գերմրցաշարի Միանձնեայ Յաղթող

by MassisPost

ԱՄՆ Սենթ-Լուիս քաղաքին մէջ կայացած «Grand Chess Tour» արագ ճատրակի գերմրցաշարին հայ կրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեան դարձաւ մրցաշարի միանձնեայ յաղթողը։ «Chess.am» կայքի փոխանցմամբ, վերջին հանգրուանին Արոնեան առաւելութեան հասաւ Քարեակինի ու Տոմինկէսի նկատմամբ եւ հաւասար խաղաց Նաքամուրայի հետ։

2-3-րդ տեղերը 11 միաւորով զբաղեցուցին Նաքամուրա եւ Քարուանա։ Աշխարհի նախկին ախոյեան Կարի Գասպարով, որ նոյնպէս կը մասնակցէր Սենթ-Լուիսի գերմրցաշարին, վերջին 3 հանգրուանէն երկուքը պարտուեցաւ, իսկ մէկը խաղաց հաւասար՝ մրցաշարն աւարտելով 7 միաւորով եւ կիսելով 8-10-րդ տեղերը։ Այսօր մեկնարկած է կայծակնային ճատրակի մրցաշարը։ Այն պիտի տեւէ 2 օր եւ իւրաքանչիւր օր պիտի խաղացուի 9 հանգրուան։

Մոլորակի ուժեղագոյն ճատրակ խաղացողներէն մէկը համարուող Լեւոն Արոնեան անցեալ Ապրիլին դարձած էր նաեւ Նորուեկիոյ Սթաւանկըր քաղաքին մէջ կայացած «Norwey Chess» ճատրակի գերմրցաշարի միանձնեայ յաղթողը, որուն ընթացքին առաւելութեան հասած էր, մասնաւորապէս, աշխարհի ախոյեան Մակնուս Քարլսէնի, նախկին ախոյեան Վլատիմիր Քրամնիքի եւ հաւակնորդ Սերկէյ Քարիաքինի նկատմամբ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment