Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Արեւմուտքը Չի Վստահիր Ատրպէյճանին Իսլամական Պետութեան Դէմ Պայքարին Մէջ

Արեւմուտքը Չի Վստահիր Ատրպէյճանին Իսլամական Պետութեան Դէմ Պայքարին Մէջ

by MassisPost

Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած են «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման ատրպէյճանցի զինեալներ: Սուրիոյ հետ սահմանին՝ Իմանլի բնակավայրին մօտ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է 5 մահապարտ ահաբեկիչներ, որոնցմէ երեքը Ատրպէյճանի քաղաքացիներ են: Թուրքերը ապշած են այն բանէն, որ ձերբակալուածներէն երկուքը կին են՝ 37-ամեայ Կուլնար Շիրմամետովա եւ 42-ամեայ Նազենին Զէյնալովա, կը գրէ «Նեզաւիսիմայա Կազեթա»:

Ատրպէյճան, որպէս «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման համար մարդուժի աղբիւր աւելի վաղ յիշատակուած էր դեռ Անվտանգութեան եւ տեղեկատուութեան եւրոպական կեդրոնի (DESI) գլխաւոր քարտուղար, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մարդու իրաւունքներու միջազգային յանձնաժողովի (IHRC) յանձնակատար Հայսամ Ապու Սայիտի կողմէ: Ապու Սայիտ ընդգծած էր, որ Իսլամական Պետութեան կողմէ կռուող ատրպէյճանցի զինեալները սպառնալիք կը ներկայացնեն, մասնաւորապէս, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ եւ Պելճիքայի համար: Ճիհատիստներու տեղափոխումը Սուրիայէն Եւրոպա Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի սկիզբէն կ’իրականցուին Թուրքիոյ միջոցով: Սահմանին առաջացած «գրպաններ»ու եւ տեղաբնակները կաշառելու միջոցով զինեալները կը յայտնուին մասնաւորապէս Պոլսոյ մէջ: Պոլսոյ հարուստ վայրերուն մէջ անոնք լաւ կը հանգստանան, իսկ յետոյ Թուրքիոյ մէջ ընդյատակ կ’անցնին կամ իրենց պարագլուխներու հրահանգով կը տեղափոխուին այլ երկիրներ:

«IHRC»ի զեկոյցին մէջ յիշատակուած Պելճիքան, ըստ արեւմտեան փորձագէտներու, ահաբեկիչներու կանգառն է եւ գործողութիւններու կեդրոնը ամբողջ Եւրոպայի մէջ: Վերուիէյի մէջ՝ Լիէժէն ոչ հեռու, կը գտնուի հակառուսական տրամադրութիւններ ունեցող վայնախներու կողմէ հիմնուած «Կովկասեան մշակութային-հետազօտական կեդրոնը»:
Պրիւքսէլի մէջ կը գտնուի «Ալ Սալիհուն» իսլամական մշակութային կեդրոնը, որ նոյնպէս հիմնած են վայնախները: Ատրպէյճանցի ահաբեկիչները դիւրութեամբ կը յարմարին պելճիքացի վայնախներու մօտ՝ հաշուի առնելով ռուսերէնի իմացութիւնը եւ «պատմական խորհրդանիշներ»ու ընդհանրութիւնը: Վայնախ սալաֆիներու կողմէ երկրպագուող Շամիլ Պասաեւ հերոս է նաեւ Ատրպէյճանի ճիհատիստներուն համար: Իսկ Թուրքիա տարուայ երկրորդ կէսէն կը սառեցնէ երբեմնի ջերմ զգացումները ատրպէյճանցիներուն նկատմամբ:

Ամրան Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց փաստաթուղթ, ըստ որուն, ահաբեկչութեան յարելու կասկածով երկրէն արտաքսուած է Ատրպէյճանի 252 քաղաքացի, եւս 1677-ի մուտքը Թուրքիա արգիլուած է: Իսլամական Պետութեան ընդլայնումը անհանգստութեան առիթ կու տայ նաեւ Ատրպէյճանի մէջ: Յուլիսի կէսերէն Պաքուի մէջ կ’ընթանայ Այտին Կիւլմամէտովի եւ Ամրան Իմանովի դատավարութիւնը, որոնք, ըստ քննութեան, անցեալ տարուայ Հոկտեմբերին Սումկայիթի մէջ հաւատարմութեան երդում տուած է Իսլամական Պետութեան առաջնորդ Ալ Պաղտատիին: Սումկայիթը, որ յայտնի է 1988թ. հայկական ջարդերով, Ատրպէյճանի մէջ յայտնի է որպէս ճիհատիստներու մայրաքաղաք եւ երկրին մէջ Իսլամական Պետութեան  հիմնական յենակէտ, կը գրէ թերթը: «Քաղաքը կառուցած են բանտարկեալները, խորհրդային տարիներուն այնտեղ կ’ուղարկէին «քիմիա»ի, բան մը, որ ազդած է Սումկայիթի հասարակական-մշակութային կլիմային վրայ,- թերթին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է քաղաքագէտ Ֆահրետտին Ապասզոտա:- ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն ետք Սումկայիթի մէջ հոգեւոր իշխանութիւնն անցաւ սալաֆիներու ձեռքը:

Սումկայիթէն Պաքու 30քմ է, հետեւաբար սալաֆիներն առանց դժուարութեան իրենց ձեռքը վերցուցած են մայրաքաղաքի շրջակայքը եւ Ատրպէյճանի հիւսիս-արեւմտեան շրջանները: 8 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Ատրպէյճանի մէջ կայ 1 միլիոն սալաֆի՝ ամբողջ բանակ մը: Այդ բանակին մէջ կը մտնեն տեղի լեզկիները, աւարները, ցախուրները: Ըլլալով սուննի՝ անոնք կ’անցնին սալաֆիզմի: Պաքուի մէջ կան նախկին սուննիներու ամբողջ թաղամասեր, որոնք դարձած են կամ ուահհապիներ, կամ «Նուրճուլար»ի հետեւորդներ: Սումկայիթի բնակչութեան կէսը կազմող սալաֆիները վտանգաւոր խումբ են սալաֆիզմի եւ Իսլամական Պետութեան գաղափարներու տեսանկիւնէ: Կովկասի մէջ ժամանակին սարսափ սփռող «Դաղիստանի ամիր» Իլկար Մոլաչիեւ Պասաեւի եւ Խաթթապի զինեալն էր, որ ուահհապի դարձած է Սումկայիթի մէջ»: Կենդանութեան օրօք Մոլաչիեւ պարբերաբար կը տեղափոխուէր Ռուսիայէն Ատրպէյճան՝ յաճախ սահմանը հատելով կաշառքի միջոցով: «Մահէն առաջ Մոլաչիեւ կրցած էր ներթափանցել Դաղստան, երբ Ատրպէյճանի Ազգային անվտանգութեան նախարարութիւնը անոր դէմ յատուկ գործողութիւն կ’իրականացնէր՝ փակելով բոլոր ելքերն ու մուտքերը,- կը շարունակէ Ապասզոտա:- Այդ հանգամանքը ստիպեց կասկածիլ Ազգային անվտանգութեան նախարար Էլտար Մահմուտովի վրայ, որուն քիթին տակէն փախած էր Ատրպէյճանի ամենափնտռուած ահաբեկիչը:

Երբ Մահմուտովը 2015թ. Հոկտեմբերին՝ Կեանճայի մէջ եւ Նարտարա շիիթական հուզումներէն առաջ, հեռացուցին պաշտօնէն, Նախարարութիւնը լուծարեցին, նախկին նախարարի ենթականերուն դէմ քրէական գործեր յարուցուեցան, իսկ հակա-ահաբեկչական վարչութեան ղեկավարի փոխանորդը կախուեցաւ բանտին մէջ: Պարզուեցաւ, որ Մահմուտովի օրօք Ազգային անվտանգութեան նախարարութիւնը զբաղած է ճիհատիստներէն կաշառք վերցնելով: Կաշառքի դիմաց ճիհատիստին կ’արտօնուէր ձեռքի մէջ ունենալով օրինական փաստաթուղթեր, Թուրքիայէն անցնիլ Սիրիա: Բան մը, որ աւելի կարեւոր է, իր պաշտօնը Մահմուտով կ’օգտագործէր գումարներ շորթելու համար Ատրպէյճանի միջազգային դրամատունէն, որուն ղեկավարը անոր քրոջ ամուսինն էր՝ Ճահանկիր Հաճիեւը: Իրենց դիրքն օգտագործելով, Հաճիեւ եւ Մահմուտով Ատրպէյճանի միջազգային դրամատունէն գողցած են առնուազն քանի մը միլիառ տոլար»:

Թերթը յիշել կու տայ, որ Ատրպէյճանի միջազգային դրամատունն այդ երկրի վարկային համակարգի սիրտն է, որուն միջոցով, մասնաւորապէս, կ’իրականացուի «SOCAR» պետական նաւթային ընկերութեան եւ Հէյտար Ալիեւի հիմնադրամի վարկաւորումը: Թերթին հետ զրոյցի ընթացքին ատրպէյճանցի լրագրողներն ու փորձագէտները պատմած են, որ Հաճիեւ եւ նախարար Մահմուտով իրենց պաշտօնով պարտական էին Փաշաեւներուն, որ երկրի առաջին տիկնոջ հօր ազգականն է եւ իր նշանակութեամբ՝ երկրորդը: «Փաշաեւները, ի տարբերութիւն քիւրտ Ալիեւներուն, իրանական թիւրքեր են,- ըսած է քաղաքագէտ Ֆիքրէթ Շապանով: Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր կնոջ ազգականներուն միջեւ վաղեմի պայքար կ’ընթանայ երկրին մէջ իշխանութեան համար: Ալիեւ վերացնելով Մահմուտովը եւ լուծարելով Ազգային անվտանգութեան նախարարութիւնը, որ Մահմուտով կը ղեկավարէր 2004 թուականէն, համարեց, որ այդ ձեւով վերացուցած է իրեն հակադրուող գործիքները, եւ քայլ կը կատարէ երկիրը քաղաքական ճգնաժամէն դուրս բերելու ուղղութեամբ: Արդիւնքն եղաւ այն, որ Ալիեւ իր իսկ ձեռքերով տկարացուց երկրի պետական անվտանգութեան համակարգը, որմէ կ’օգտուին ուահհապիները: Անոնք անցեալին ալ ուժայիններու ոչ մասնագիտացած աշխատանքներու պատճառով իրենք զիրենք հանգիստ կը զգային երկրին մէջ: Այժմ, սակայն, Ալիեւ սալաֆիներուն ժամանակը չունի:

Երկրին մէջ կը մոլեգնի ճգնաժամ, կ’աճի հասարակական դժգոհութիւնը, իսկ Փաշաեւներու ազգականին համար ակնյայտօրէն քիչ է այն, որ Իլհամ Ալիեւ յանուն իրենց փոխեց սահմանադրութիւնը եւ իր կինը դարձուց երկրի փոխնախագահ: Ատրպէյճանի միջազգային դրամատունը՝ Ատրպէյճանի տնտեսական սիրտը, սնանկութեան եզրին է»: Մայիսի վերջը շարք մը վարկանիշային գործակալութիւններ անվստահութիւն յայտնեցին Ատրպէյճանի միջազգային դրամատան, իսկ աւելի ուշ Միջին Արեւելքի մէջ մարդու իրաւունքներու միջազգային յանձնաժողովը յայտարարեց, որ շարք մը երկիրներու յատուկ ծառայութիւններ, որոնց մէջ կը մտնէ Ատրպէյճան, կորսնցուցած են իրենց արեւմտեան գործընկերներու վստահութիւնը Իսլամական Պետութեան դէմ պայքարելու հարցին մէջ: Յանձնաժողովի յայտարարութեան մէջ կ’ըսուէր, որ «սնանկ պարտապաններ»ը տնտեսապէս սերտօրէն կապուած են արաբական երկիրներուն հետ, որուն պատճառով տեղի կ’ունենայ կարեւոր տեղեկութիւններու գաղտնազերծում, որուն պատճառով ալ Ատրպէյճանի մէջ հակա-ահաբեկչական գործողութիւնը կը դառնայ «ակնյայտօրէն անարդիւնաւէտ»:

Պատրաստեց՝
Վիքթորիա Անդրէասեան
Առաւօտ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment