Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճան Հայկական Կողմէն Անիրականանալի Զիջումներ կը Պահանջէ. Քաղաքագէտ

Ատրպէյճան Հայկական Կողմէն Անիրականանալի Զիջումներ կը Պահանջէ. Քաղաքագէտ

by MassisPost

Ատրպէյճան կը ցանկայ, որ որեւէ պայմանագիրով մը հայկական կողմը Պաքուին զիջի այն ամէնը, ինչ որ վերջինս կորսնցուցած է իր կողմէ հրահրուած ու սկսած պատերազմի ժամանակ։ Այս մասին 17 Օգոստոսին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է քաղաքագէտ Ռուբէն Մեհրապեան։

Քաղաքագէտին խօսքով, Պաքու կը ցանկայ վերականգնել մինչ-պատերազմական սթաթուս քըւօն։ «Ի հարկէ, դա տրամաբանութեան հետ ընդհանուր ոչինչ չունի։ Դա նաեւ ոչ մի ընդհանուր բան չունի մերօրեայ իրականութեան հետ։ Սակայն սթաթուս քըւօն, որը գործում է նաեւ այսօր, եւս տուեալ խնդրի լուծում չէ։ Հետեւաբար, մենք պէտք է հասկանանք, որ լուծումը գտնուում է դրանց մէջտեղում»,- նշած է փորձագէտը։

Մեհրապեան ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ատրպէյճանական իշխանութիւններ չեն կրնար գոյութիւն ունենալ եւ ժամանակն է, որ Պաքուի մէջ հաշտուին այդ իրականութեան հետ։ «Գլխաւոր խնդիրն այն է, որ Ատրպէյճանը չի ցանկանում հաշտուել այդ իրականութեան հետ։ Եւ Պաքուի ապակառուցողական քաղաքականութիւնը եւս ելնում է դրանից։ Սակայն Արցախը նոյնիսկ տեսականօրէն բացառում է Ատրպէյճանի հետ որեւէ կերպ կապ ունենալու հնարաւորութիւնը։ Դա ակնյայտ իրականութիւն է։ Մնացած ամէն ինչ կարելի է քննարկել»,- եզրափակած է քաղաքագէտը։

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment