Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Ուրուկուէյի «Ռատիօ Արաքս»-ի 10-Ամեակը

Ուրուկուէյի «Ռատիօ Արաքս»-ի 10-Ամեակը

by MassisPost

4 Օգոստոսին Մոնթեվիտէոյի Աթէնէոյի Լաուրա Քորթինաս սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական «Արաքս» ռատիոժամի տասնամեակը սկզբնաւորող ներկայացումը: Անցած ճամբան եւ հեռանկարները դարձան երաժշտութիւն եւ որակաւոր խօսք:

Իր բազմաթիւ ընկերներու եւ ունկնդիրներու, Հանրապետութեան համալսարանի նախագահ` փրոֆ. Ռոպէրթօ Մարգարեանի եւ Իրաւաբանական ֆաքուլթեթի նախկին տնօրէն` նոթարուհի Տօրա Պաղտասարեանի ներկայութեամբ, «Արաքս» ռատիոժամը սկսաւ իր տասնամեայ գործունէութեան տօնակատարութիւնները: Անոր պատասխանատուները, Տիէկօ Գարամանուկեանը եւ նոթարուհի Մարիանա Գարամանուկեանը գոհ եւ հպարտ զգալու բաւական պատճառներ ունին:

Երեկոյթը յագեցուած էր յուզմունքով, խոհականութեամբ եւ գեղարուեստական ու ակադեմական բարձր մակարդակով:

Բացման համապատասխան խօսքերէն եւ տասը տարուան աշխատանքի սկզբունքները վերահաստատելէն ետք, տեղ տրուեցաւ օրուան բանախօսներուն` մարդաբան Էտուարտօ Ալվարէս Պետրոսեանին եւ բանասէր Յովհաննէս Պոտուքեանին, որոնք ռատիոյի ծրագիր մը նմանակելով անդրադարձան համայնքին մէջ ռատիոյին կատարած եւ կատարող դերին, ինչպէս նաեւ ապագայի հեռանկարներուն:

Այդպէս, բանախօսները անդրադառնալով համայնքի ռատիօներու պատմութեան տարբեր հանգամանքներուն, եւ որպէս ելակէտ ընդունելով փոփոխութիւններով, արհեստագիտական յառաջդիմութիւններով եւ անկանխելիութեամբ լեցուն ներկան, փորձեցին կանխատեսել ժողովրդական հաղորդակցական այս միջոցին հնարաւոր ապագաները:

Բանախօսները ընդգծեցին ռատիոներու կատարած դերը համայնքին մէջ, նախ` որպէս յարաբերակցման միջոց Ուրուկուէյ հասած գաղթականներու եւ իրենց նախնիներու մշակոյթին հետ, որպէս կամուրջ, որ կապ ստեղծեց յատկապէս իրենց հայրենի երկրի լեզուին եւ երաժշտութեան հետ, եւ ապա որպէս ինքնաճանաչման եւ ինքնութեան հաստատման աղբիւր, դառնալով միեւնոյն ժամանակ նոր հասարակութեան մէջ նոր մշակոյթի կերտման աղբիւր: Իր պատմութեան ընթացքին ռատիօն արտացոլեց նաեւ գաղափարական հակամարտութիւններն ու բեւեռացումը նոր պետութեան ստեղծման շուրջ:

Հայկական ռատիոժամերը մեծապէս նպաստեցին ձեւաւորելու Ուրուկուէյի գաղութը այնպէս` ինչպէս կը ճանչնանք այսօր, ուստի կարեւոր եւ կեդրոնական դերակատարութիւն ունին անոր մասին խօսող պատմութեան մէջ: Այնտեղէն կը բխի նաեւ անոր պահպանման եւ վերանորոգման մարտահրաւէրներու կարեւորութիւնը: Աշխարհի մը մէջ, ուր խօսք, երաժշտութիւն, պատկեր եւ փոխգործակցութիւն ունկնդիրին հետ կը միաձուլուին եւ աւանդական ռատիօն կը կորսնցնէ իր տեղը, հարկաւոր է ստեղծել որակաւոր ապրանք, որպէսզի երաշխաւորուի անոր պահպանումը նոր ըմբռնումով: Այս տքնաջան աշխատանք կը պահանջէ, քանի որ արուեստի, գիտութեան եւ ընդհանրապէս մշակութային ստեղծագործութեան արտադրումը կը պահանջէ մեծ ջանքեր եւ պատասխանատու աշխատանք:

Ապագան հաստատումներու տեղիք չի տար, ընդհակառակը, բազմաթիւ հարցադրումներ եւ անորոշութիւններ կ’առաջարկէ:

Սակայն բոլորը համաձայնեցան, որ նախորդ սերունդներու կատարած յամառ ու արժէքաւոր ջանքը արժանի է շարունակուելու: Եթէ ինքնութիւնը սերտօրէն կապուած է կամքի հետ, կասկած չկայ, որ այդ պատասխանատուութիւնը պիտի ընդունուի հաճոյքով, սիրով եւ արհեստավարժութեամբ:

Բանախօսներու ելոյթէն ետք կարդացուեցաւ զբօսաշրջութեան նախարարուհի Լիլիամ Քեչիչեանի ողջոյնի բովանդակալից նամակը:

Ապա հասաւ երեկոյի սպասուած պահը, մայեսթրօ Ալվարօ Յակոբեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանէն ժամանած երգիչ Սամուէլ Գալստեանը:

«Արաքս»ին նուիրելով Հայաստանի Հանրային Ռատիոյի յիսուն տարուան արխիւային երաժշտութիւն, Սամուէլ Գալստեանը մեծ վարպետութեամբ ու ջերմութեամբ կատարեց երեք գեղեցիկ երգեր` «Հայոց Կանայք», «Բարի Արագիլ» եւ «Էրզրումցիների Երգը»: Յատուկ պատրաստուած գեղեցիկ ու տպաւորիչ պատկերներ ընկերացան իւրաքանչիւր երգին: Մեծ նախերգանք մը Մոնթեվիտէոյի Սիթառօսա սրահին մէջ տեղի ունեցած համերգին, որ պսակեց «Արաքս» ռատիոժամին տասնամեակը: Յայտագիրէն յետոյ կենացներ, ուր տօնական մթնոլորտի մէջ կազմակերպողները ստացան արժանի շնորհաւորանքները:

«Արաքս»ի յոբելենական համերգը
6 Օգոստոսին, Մոնթեվիտէոյի 500 հանդիսատեսներով լեցուն Սիթառօսա թատերասրահին մէջ, Մայր հայրենիքէն ժամանած երգիչ Սամուէլ Գալստեանի դերակատար ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ հայ երգին նուիրուած «Արաքս» ռատիոժամի յոբելենական համերգը: Հայրենի երգիչին ընկերակցեցաւ տեղական «Երեւան 50» նուագախումբը, իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ երգչուհիներ` Պուէնոս Այրէսէն ժամանած Վալերիա Չերեքեանը եւ նոյն Մոնթեվիտէոյէն պատանի Նեկտար Միրակեանը, ինչպէս նաեւ Հայ Ազգային Կեդրոնի «Գայեանէ» պարախումբը:

Ռատիոյի հաղորդման ձեւով ներկայացուած յոբելենական համերգը հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգերով, հայ բանաստեղծութեան նմոյշներով, կենդանի խօսքով, իսկապէս դարձաւ հայ երաժշտութեան նուիրուած տօն:

«Այսպիսի ձեռնարկներ ոգեշնչող են», «Աւելի յաճախ պէտք է վայելենք նման համերգներ», «Կեցցէ~ Արաքսը». հանդիսատեսներու այսպիսի արտայայտութիւնները, երգիչին ստացած շնորհաւորութիւնները, դարձան ապացոյցը, որ տասը տարի առաջ սկսած այս մարտահրաւէրը, այս մեծ երազը, այս սիրոյ պատմութիւնը, որ կը կոչուի «Ռատիօ Արաքս», յաջողութեամբ անցած է իր տասը տարուան ճամբան, շարունակ վառ պահելով հաղորդակցական այս ընթացքը, կիսելով երաժշտութիւն, տեղեկութիւն եւ աւանդութիւն` մշակոյթ, ներկայ գտնուելով եւ արձագանգելով հայութեան բոլոր կարեւոր ձեռնարկներուն, դառնալով կամուրջ գաղութի եւ հայրենիքի ու աշխարհասփիւռ միւս հայ համայնքներուն հետ: Տասը տարի շարունակ իր ունկնդիրներուն հետ կիսած է հայութիւնը` որպէս ինքնութիւն եւ ապրելակերպ: Տասը տարուան վառ ապրումներն էին, որ 6 Օգոստոսին ժողվեցին ռատիոյի պատասխանատուներն ու ունկնդիրները` միասին տօնելու երգով, պարով, Մայր հայրենիքէն, հարեւան գաղութներէն եւ համայնքէն ծնունդ առած տաղանդներով, իր տարեդարձը դարձնելով հայ երաժշտութեան տօնը:

Այս տասը տարուան աշխատանքին գնահատականը տուին նաեւ Մայր հայրենիքէն մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը իրենց ուղերձներով, ինչպէս նաեւ տեղւոյն հայկական կազմակերպութիւններու` Հայ Ազգային Կեդրոնի, ՀԲԸՄ-ի, Մարաշի Հայրենակցական Միութեան ներկայացուցիչները իրենց ողջոյնի խօսքերով, եւ ՍԴՀԿ-ը` յանձնելով տասնամեակը ոգեկոչող գեղեցիկ յուշատախտակ մը:

 r-arax-6

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment