«Թուրքիոյ հանդէպ կիրառուող տնտեսական ճնշումն արդիւնաւէտ է», – Երեքշաբթի օրը «Kölner Stadt-Anzeiger» թերթին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Գաբրիէլ։
Անոր խօսքով, վերջին քանի մը շաբաթներու ընթացքին պաշտօնական Պերլինի կողմէ գործադրուած կոշտ միջոցներն ի վերջոյ ստիպած են Թուրքիոյ իշխանութիւններուն որոշակիօրէն մեղմել դիրքորոշումը:
Յիշեցնենք, որ 20 Յուլիսին, նոյն ինք Զիկմար Գաբրիէլ էր, որ յայտարարեց Թուրքիոյ հանդէպ Գերմանիոյ քաղաքականութեան կտրուկ փոփոխութեան մասին:
Պերլինի եւ Անգարայի յարաբերութիւններուն մէջ առկայ հակասութիւններու գագաթնակէտը դարձաւ գերմանացի իրաւապաշտպան Փիթըր Շթոյտնըրի ձերբակալութիւնը թրքական ոստիկանութեան կողմէ:
Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարին խօսքով, վերջին շաբաթներու ընթացքին ամենատրամաթիք իրադարձութիւնները ծաւալեցան երկկողմ տնտեսական յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ:
«Երբ Անգարա մեզի ներկայացուց 680 գերմանական ընկերութիւններէ կազմուած ցանկ մը, որոնք իբրեւ թէ ներգրաւուած էին Թուրքիոյ մէջ իրականացուած յեղաշրջման փորձի նախապատրաստման մէջ, մենք հանդէս եկանք նախազգուշացմամբ` կոչ ուղղելով գերմանական ընկերութիւններուն լաւ մտածել Թուրքիոյ մէջ ներդրումներ կատարելէ առաջ: Այդ մէկը բաւական լուրջ բանավէճի մը յանգեցուց թրքական հասարակութեան ներսը, եւ նախագահ Էրտողան ի վերջոյ ստիպուած էր նահանջել` յայտարարելով, թէ տեղի ունեցածը թիւրիմացութիւն էր», – «Kölner Stadt-Anzeiger»ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին նշած էր Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարը:
Անոր խօսքով, թրքական դիրքորոշման մեղմացման վրայ որոշակի ազդեցութիւն ունեցած է նաեւ պաշտօնական Պերլինի մէկ այլ նախազգուշացումը, որուն համաձայն, Թուրքիա ուղեւորուիլը Գերմանիոյ քաղաքացիներուն համար այնքան ալ անվտանգ չէ:
«Մեր այդ նախազգուշացումն ի հարկէ բացասական ազդեցութիւն ունեցաւ մարդոց համար, որոնց շահերը հարուածելու ցանկութիւն մենք չունէինք` խօսքը փոքր հիւրանոցներու եւ ճաշարաններու տէրերու, մատուցողներուն մասին է: Անոնք այն մարդիկ են, որոնց յաճախորդները հիմնականաբար եւրոպացիներ են` մասնաւորաբար գերմանացիներ», – յայտարարած էր Զիկմար Գաբրիէլ, անուղղակիօրէն հաստատելով, որ վերջին շաբաթներու ընթացքին Թուրքիա մեկնող գերմանացի զբօսաշրջիկներու թիւը կրճատուած է: Անոր հետ մէկտեղ, Զիկմար Գաբրիէլ համոզուած է, որ Թուրքիոյ հանդէպ դիրքորոշման կոշտացումը լիովին արդարացուած էր:
«Մենք պարտաւոր ենք պաշտպանել մեր քաղաքացիները: Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ Էրտողան պարզապէս ձերբակալէ Գերմանիոյ քաղաքացիները», – յայտարարած էր Զիկմար Գաբրիէլ: