Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Չինաստան Հայաստանի Մէջ Մեծութեամբ Երկրորդ Դեսպանատունը Պիտի Կառուցէ

Չինաստան Հայաստանի Մէջ Մեծութեամբ Երկրորդ Դեսպանատունը Պիտի Կառուցէ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ պիտի կառուցուի Եւրասիական տարածաշրջանի մէջ մեծութեամբ երկրորդ չինական դեսպանատունը՝ Ռուսիայէն ետք: «Արմէնբրէս»ի հաղորդմամբ, Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան դեսպանութեան նոր շէնքի հիմնարկէքի արարողութեան կը մասնակցէին ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալբանդեան, Արտաքին գործոց նախարարի փոխանորդ Արմէն Պապիկեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, ՉԺՀ ԱԳ նախարարի օգնական Լի Հուիլայ, Հայաստանի մօտ Չինաստանի դեսպան Թիան Էրլուն եւ այլք:

Էտուարտ Նալբանդեան շնորհաւորած է ներկաները նախաձեռնութեան առթիւ եւ յաջողութիւն մաղթած անոնց, որոնք ներգրաւուած են դեսպանատան կառուցման աշխատանքներուն մէջ:

«Ինձ միշտ տպաւորել են չինական արտայայտութիւնները մի կողմից իրենց պարզութեամբ, միւս կողմից՝ իմաստութեամբ. դրանցից մէկն ասում է, որ լաւագոյն ժամանակահատուածը ծառ տնկելու համար 25 տարի առաջ էր, յաջորդ լայագոյն ժամանակահատուածն այսօր է: Եւ, իսկապէս, 25 տարի առաջ մենք հաստատեցինք  դիւանագիտական յարաբերութիւնները Չինաստանի հետ, եւ այս տարիների ընթացքում Հայաստանն ու Չինաստանն արեցին ամէն ինչ, որպէսզի դարաւոր բարեկամութիւնը, մեր յարաբերութիւնները ամրապնդուեն, զարգանան եւ ընդլայնուեն: Դա ե՛ւ  ամենաբարձր մակարդակի վրայ գտնուող քաղաքական երկխօսութիւնն է,  ե՛ւ ջերմ յարաբերութիւնները երկու երկրների առաջնորդների միջեւ, եւ երկու երկրների կառավարութիւնների համագործակցութիւնն է տնտեսական, մշակութային, գիտակրթական հարցերով, ե՛ւ երկու ԱԳ նախարարութիւնների մտերիմ փոխգործակցութիւնը, ե՛ւ համագործակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւնների շրջանակում, ե՛ւ  երկու ժողովուրդների միջեւ  բարեկամութիւնը»,- նշած է Էտուարտ Նալբանդեան, աւելցնելով, որ այս նոր դեսպանատունը պիտի ծառայէ որպէս  կարեւոր հարթակ  երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման,  երկար տարիներու ընկերութեան ամրապնդման ուղղուած  նախագիծերու  իրականացման:

ՉԺՀ ԱԳ նախարարի օգնական Լի Հուիլայ նշած է, որ ոգեւորուած է այս նախաձեռնութեամբ:

«Հեռաւորութիւնը չի կրնար բաժնել իսկական ընկերները. Թէպէտ աշխարհագրօրէն  երկու երկիրները իրարմէ հեռու են, այնուամենայնիւ, Հայաստանի եւ Չինաստանի ժողովուրդները անկեղծ ընկերական զգացումներ կը տածեն իրար հանդէպ: Երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր, հայ-չինական յարաբերութիւնները մշտապէս կայուն զարգացում ապրած են քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ, կը խորանայ բարեկամութիւնը երկու ժողովուրդներու միջեւ: Այս տարին նաեւ խորհրդանշական է, քանի որ կը տօնենք հայ-չինական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը»,- ըսած է ան:

Դեսպան Թիան Էրլուն ընդգծած է, որ դեսպանատան նոր շէնքի կառուցումը երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան եւ բարի-դրացիական կապերու արտացոլումն է:

«Այս կարեւոր եւ ուրախալի իրադարձութիւն է մեզի համար: Չինաստան ալ աւելի լաւ ներկայացուած պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ: Քանի որ մեր համագործակցութիւնը բաւական արագ կը զարգանայ, այն, ի հարկէ, կը պահանջէ աւելի մեծ ջանքեր՝ աւելի մեծ թիւով մարդիկ, հետեւաբար աւելի մեծ տարածք»,-լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Չինաստանի դեսպանը:

Հիմնարկէքի արարողութեան աւարտին պաշտօնեաներու կողմէ առաջին քարը զետեղուած է:

Դեսպանատան նոր շէնքի շինարարութիւնը պիտի տեւէ 2 տարի:  Շէնքին նախագիծը պատրաստուած է Չինաստան՝ չինական ընկերութեան կողմէ։ Շինարարական աշխատանքները միասին պիտի իրականացնեն հայ եւ չինացի շինարարները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment