Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 10 Օգոստոսին ընդունած է Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան Լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քարոլայն Քոքսն ու վերջինիս հետ Արցախ ժամանած «Մարդասիրական օգնութեան հիմնադրամ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները:
Խորհրդարանի ղեկավարը բարձր գնահատած պարոնուհի Քոքսի հայանպաստ գործունէութիւնն ու նշած, որ Քոքս առաջիններէն էր, որ Արցախեան ազատագրական շարժման մէջ տեսած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հրամայականը եւ տարիներ շարունակ հետեւողականօրէն պաշտպանած այն:
Խօսելով Արցախի հետ բարեկամութեան եւ իրականացուող ծրագիրներուն մասին, պարոնուհին ընդգծած է, որ թէեւ արդէն 86-րդ անգամ է, որ Արցախ կ’այցելէ, այնուամենայնիւ, ամէն անգամ իւրովի կը բացայայտէ Արցախը եւ ականատես կ’ըլլայ դրական փոփոխութիւններու եւ նոր ձեռքբերումներու:
Այնուհետեւ հիւրերուն խնդրանքով Ազգային Ժողովի նախագահը ներկայացուցած է նոր Սահմանադրութեան առաձնայատկութիւնները, մասնաւորապէս պետական կառավարման ու մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան ոլորտներու մէջ նախատեսուած փոփոխութիւնները:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ խորհրդարանական համագործակցութեան, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան ներկայ փուլին եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն մասին:
Հանդիպման կը մասնակցէին ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արզիկ Մխիթարեան եւ այլ պաշտօնատար անձեր:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւն