Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիա Հայկական Հարցին Մէջ Կրկին Հին Վիճակին կը Վերադառնայ․ Կարօ Փայլան

Թուրքիա Հայկական Հարցին Մէջ Կրկին Հին Վիճակին կը Վերադառնայ․ Կարօ Փայլան

by MassisPost

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան (HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Տիարպեքիրի մէջ կուսակիցներու հետ հաւաքի ժամանակ անդրադարձած է իշխանութիւններու քաղաքականութեան ուղղուած Հայկական  ու քրտական հարցերուն։

Թրքական «Ճումհուրիէթ» պարբերականի փոխանցմամբ, Կարօ Փայլան յայտարարած է, թէ վերջին շրջանին իշխանութիւնները խօսքի ազատութեան սահմանափակումն արդէն մտցուցած են խորհրդարան, յիշեցնելով, որ պատգամաւորներու ներքին կանոնակարգով յետ այսու պիտի արգիլուի Հայկական հարցի ու քրտական հարցի հետ կապուած անկեղծ քննարկումները։

«Ինչպէս որ հասարակ քաղաքացիին կ’արգիլեն ազատ խօսիլ, արդէն այն պիտի կիրառեն նաեւ պատգամաւորներու պարագային։ Թուրքիա Հայկական ու քրտական հարցին մէջ կը վերադառնայ նախկին վիճակին, երբ այդ հարցերը տաբու էին։ Այս ամէնը իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան ձեռքերով կ’իրականացուի»,- ըսած է Կարօ Փայլան։

Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգով պատգամաւորները Հայոց Ցեղասպանութիւն եւ Քիւրտիստան բառերն արտասանելու համար պիտի պատժուին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment