Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ատրպէյճանի Մարդու Իրաւունքներու Վիճակը կը Քննարկուի ԵԽԽՎ-ի կողմէ

Ատրպէյճանի Մարդու Իրաւունքներու Վիճակը կը Քննարկուի ԵԽԽՎ-ի կողմէ

by MassisPost

Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) յանձնաժողովներուն կողմէ պիտի քննարկուին   Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու գործունէութեան եւ մարդու իրաւունքներու իրավիճակի հետ կապուած հարցերը: Այս մասին  կը յայտնէ ատրպէյճանական «azadliq.info » լրատուական գործակալութիւնը:

ԵԽԽՎ  կայքէջին համաձայն, այս հարցերը պիտի  քննարկուին  իրաւական հարցերու եւ մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի նիստի ժամանակ, որ տեղի պիտի ունենայ 2017 թուականի Սեպտեմբերի 5-ին:

Յանձնաժողովի նիստին Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակին վերաբերեալ զեկոյցով հանդէս  պիտի գայ պելճիքացի պատգամաւոր Ալէն Տեսթերճէ:

2017  թուականի Սեպտեմբերի 7-ին Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ  ԵԽԽՎ  մոնիթորինկային յանձնաժողովի   նիստը:

Մոնիթորինկային յանձնաժողովի նիստին Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու գործունէութեան   վերաբերեալ զեկոյցով հանդէս  պիտի գան համազեկուցողներ Սթեֆան Շեննաք եւ Ցեզար Ֆլորին Փրետա:

Զեկուցումներէն ետք ներկայացուած զեկոյցներուն մէջ  արծարծուած թեմաներուն շուրջ քննարկում պիտի կատարուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment