Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դէպք «Արի տուն» Ծրագրի Մասնակիցներուն Միջեւ. Պոլսահայերը կը Բողոքեն «Խտրական Վերաբերմունք»ի Դէմ

Դէպք «Արի տուն» Ծրագրի Մասնակիցներուն Միջեւ. Պոլսահայերը կը Բողոքեն «Խտրական Վերաբերմունք»ի Դէմ

by MassisPost

Սփիւռքահայ երիտասարդները հայրենիք հրաւիրող «Արի տուն» ծրագրի ծիրին մէջ Թուրքիայէն Հայաստան եկած պատանիներու նկատմամբ խտրականութեան մասին պնդումներն իրականութեան չեն համապատասխաներ: Այսօր այս մասին «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան:

Երէկ յայտնի դարձած էր, որ «Արի տուն» ծրագրի ծիրին մէջ Թուրքիայէն ժամանած 16 հոգիէ բաղկացած խումբը վերադարձած է Պոլիս, նոյն ծրագիրով Ուքրանիայէն ժամանածներուն հետ տեղի ունեցած դէպքին պատճառով: Սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչին խօսքով, Թուրքիայէն եւ Ուքրանիայէն եկած հայ երիտասարդներու միջեւ վիճաբանութիւն եւ քաշքշուք տեղի ունեցած է Խոր Վիրապի մէջ՝ Գրիգոր Լուսաւորիչի գետնափոր խուցն առաջինը մուտք գործելու համար: Զաքարեան ընդգծած է, որ իրենց միջամտութեամբ դէպքը հարթուած է, տեղի ունեցածն ալ ընդամէնը «փոթորիկ էր մի բաժակ ջրում»:

«Անմիջապէս միջադէպի մասին իմացել ենք, ե՛ւ տեղում ենք փորձել հարթել, ե՛ւ Սփիւռքի նախարարութիւն ենք հրաւիրել, խօսել ենք, հարթել ենք, ձեռք-ձեռքի են տուել այդ տղաները»,- յայտնած է Ֆիրտուս Զաքարեան, հերքելով պնդումները, թէ դէպքը շարունակութիւն ունեցած է:

Հակառակ կարծիքն ունի դէպքի մասնակից պոլսահայոց խումբի ղեկավար Ղազար Սապունճու: «Ազատութեան» Պոլսոյ թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ան պնդած է, թէ Թուրքիոյ խումբի երեխաներէն մէկուն եւ Ուքրանիայէն ժամանած մասնակիցին միջեւ վէճը Խոր Վիրապի մէջ չէ աւարտած, անոր աւելի ուշ մասնակցած է ուքրանական համայնքի ներկայացուցիչին ընտանիքը, մինչդեռ նախարարութիւնը երկար ժամանակ անհաղորդ մնացած է, որուն հետեւանքով խնդիրն աւելի ընդլայնած է:

«Առաջին օրուայ վէճէն ետք երեխաները կ’ուզէին հեռանալ ճամբարէն, բայց ես, գիտակցելով ծրագրի կարեւորութիւնը, զանոնք դրականօրէն կը տրամադրէի, կը փորձէի հարթել խնդիրը: Սակայն երբ հարցն աւելի մեծցաւ, երեխաներն ըսին, որ այլեւս չեն ուզեր մնալ: Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ Սրբազանին օգնութեամբ կեցութեան եւ հանրակառքի հարցերը լուծեցինք: Նախարարութեան տեղեակ պահեցի, որ ծրագրին պիտի չմասնակցինք, որմէ ետք նախարարն իր մօտ կանչեց: Ներկայացուցի խնդիրը, իսկ ան ցանկութիւն յայտնեց, որ հարցը փակուի: Ըսի, որ ճամբարէն դուրս եկած ենք ու այլեւս պիտի չվերադառնանք: Անընդհատ կը պնդէին, որ հարցը պէտք է փակել: Ես մէկ շաբաթ շարունակ այդ ուղղութեամբ ջանքեր կը գործադրէի, սակայն նախարարութիւնը հակառակ կողմը կը պաշտպանէր»,- նշած է «Արի տուն» ծրագրի Պոլսահայոց խումբի ղեկավար Ղազար Սապունճու:

Անոր պնդմամբ, յատկապէս պոլսահայոց նկատմամբ խտրական վերաբերմունք ցուցաբերուած է․ «Ճամբարին մէջ ալ մեր խումբի երեխաներուն միւսներու պէս չեն վերաբերած: Երբ ես այնտեղ չեմ եղած, անոնց վրայ պոռացած են, կոպիտ վերաբերմունք ցուցաբերած»:

Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավարը բացառած է որեւէ խումբի նկատմամբ խտրական վերաբերմունքի հնարաւորութիւնը: «Խմբի ղեկավարը չի կարող ասել, որ իրենց նկատմամբ ազգային խտրականութիւն է, դա ուղղակի անհեթեթ է: Հիմա դուք բացատրէք՝ ո՞րն է ազգային խտրականութիւնը մեր հայրենակիցների նկատմամբ: Մենք այլ ազգի՞ ենք պատկանում: Խաղաղ բաժանուել ենք, իրենք պիտի գնային ճամբար, երեխաները տրամադիր են եղել, սակայն Սապունճուն ինքը որոշում է կայացրել եւ այդ որոշումը, մեղմ ասած, փաթաթել է երեխաների վզին»,- պնդած է Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան:

Նախարարութեան ներկայացուցիչը վստահ է, որ «Արի տուն» ծրագրի հեղինակութիւնը դէպքին պատճառով չէ տուժած, եւ այն յաջողութեամբ կը շարունակուի: Մինչդեռ, Թուրքիայէն ժամանած հայերու խումբի ղեկավարին պնդմամբ, այս առաջին դէպքը չէ, Պոլիսէն եկած խումբերը միշտ ալ նմանօրինակ խնդիրներու կը բախին: Հարցին, թէ արդեօք յաջորդ տարի պիտի մասնակցի՞ն ծրագրին, Սապունճու պատասխանած է․«Ես չեմ կրնար որոշում կայացնել, երեխաներուն ծնողները կ’որոշեն՝ մասնակցի՞լ, թէ ոչ: Եթէ երեխայ ունենայի, նման միջավայր չէի ղրկեր զինք: Ես կողմ չեմ, որ յաջորդ տարի մասնակցինք, քանի տակաւին շարք մը խնդիրներ լուծում չեն ստացած: Յոյսով եմ, այս դէպքերը առիթ կը հանդիսանան այդ խնդիրներու լուծման համար»:

Նշենք, որ «Արի տուն» ծրագրի մասնակիցները Հայաստան ժամանելու եւ վերադառնալու ծախսերը կը հոգան իրենց միջոցներով: Ծրագրով նախատեսուած 14 օրերէն 8 օրը մասնակիցները կը բնակին հիւրընկալ ընտանիքներու մօտ, իսկ մնացած ժամանակը կ’անցընեն նախարարութեան կազմակերպած ճամբարին մէջ: Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավարին պնդմամբ, անցեալին որեւէ խնդիր չէ եղած Թուրքիայէն ժամանող խումբերուն հետ:

Ֆիրտուս Զաքարեանին խօսքով, տարեկան «Արի տուն» ծրագրի 8 փուլ կ’իրականացուի, որուն ընթացքին Հայաստան կը ժամանեն շուրջ 1000 սփիւռքահայ երիտասարդներ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրին համար նախարարութիւնը կը ծախսէ 100 հազար դրամ: Ըստ պաշտօնեային, պետական պիւտճէէն ծրագրի իրականացման համար, ինչպէս այս, այնպէս ալ նախորդ տարի, ծախսուած է 90 միլիոն դրամ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment