Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ HRW. Երեւանի Յուլիսեան Ցոյցերէն Մէկ Տարի Անց Բռնութեան Զոհերը Տակաւին Արդարութեան Հաստատումը կը Սպասեն

HRW. Երեւանի Յուլիսեան Ցոյցերէն Մէկ Տարի Անց Բռնութեան Զոհերը Տակաւին Արդարութեան Հաստատումը կը Սպասեն

by MassisPost

«Human Rights Watch» (HRW) յայտարարած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները չեն կրցած լիարժէք կերպով հաշուետուութիւն տրամադրել ոստիկանութեան կողմէ, հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութեան բնորոշմամբ, «մեծ մասամբ խաղաղ ցուցարարներու եւ լրագրողներու դէմ» անցեալ տարուայ Յուլիսին իրականացուած բռնութիւններուն վերաբերեալ:

30 Յուլիսի հաղորդագրութիւններուն մէջ «Human Rights Watch» նշած է նաեւ, որ անցեալ տարուայ ընթացքին նուազագոյնը 32 ցուցարարներու նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուած է, որոնցմէ 21-ը դատապարտուած են, 11-ը` ազատազրկուած:

«Երեւանի յուլիսեան ցոյցերէն մէկ տարի անց ոստիկանական բռնութեան զոհերը տակաւին արդարութիւն եւ հաշուետուողականութիւն կը սպասեն»,- յայտարարած է Հարաւային Կովկասի հարցերով «Human Rights Watch»ի տնօրէն Կիորկի Կոկիա, աւելցնելով․ – «Հանրութեան վստահութիւնը ոստիկանութեան եւ արդարադատութեան համակարգի նկատմամբ խիստ խաթարուած է, եւ արդիւնաւէտ հաշուետուողականութեան գործընթացը անհրաժեշտ է այն վերադարձնելու համար»:

Յիշեցնենք, որ 2016 թուականի Յուլիսի 29-ի երեկոյեան Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն մեկնարկած խաղաղ ցուցարարներու երթը Սարի Թաղի եւ Խորենացի փողոցի մէջ բախած էր ոստիկաններու եւ անոնց ետին գործող քաղաքացիական հագուստով անձերու հետ: Ի պաշտպանութիւն, Ոստիկանութեան պարեկապահակէտային ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդի տարածքը գրաւած «Սասնայ Ծռեր» զինուած խումբի կազմակերպած հերթական ցոյցը ցրելու համար յատուկ միջոցներ գործադրուեցան, յարձակման ենթարկուեցան նաեւ այդ իրադարձութիւնները լուսաբանող լրագրողները: Տուժեցին հարիւրաւոր քաղաքացիներ եւ շուրջ երեք տասնեակ լրագրողներ, բերման ենթարկուեցաւ մօտ 200 քաղաքացի։

17 Յուլիսի վաղ առաւօտուն ՊՊԾ գունդի տարածքը գրաւած զինուած խումբի անդամներու պահանջները կը ներառէին նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը եւ «Հիմնադիր Խորհրդարան»ի առաջնորդ Ժիրայր Սեֆիլեանի ազատ արձակումը: Ոստիկանական տարածքը երկու շաբաթ իրենց վերահսկողութեան տակ պահելէ ետք զինուած խումբի անդամները յանձնուեցան իրաւապահներուն: Այդ ընթացքին զոհուած է երեք ոստիկան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment