Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սամուէլ Բաբայեան . «Կապ Չունիմ Զենիթահրթիռային Համալիր Ներմուծելու Գործով»

Սամուէլ Բաբայեան . «Կապ Չունիմ Զենիթահրթիռային Համալիր Ներմուծելու Գործով»

by MassisPost

ԼՂՀ ՊԲ նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեանի գործով դատական առաջին նիստի ընթացքին Երկուշաբթի օր դատաւոր Արշակ Վարդանեան ճշտած է ամբաստանեալներու ինքնութիւնը, այնուհետեւ Սամուէլ Բաբայեանէն հետաքրքրուած է, թէ ան անցեալին դատապարտուած եղա՞ծ է, թէ ոչ եւ արդեօք ներմամբ ազատ արձակուա՞ծ է։ Սամուէլ Բաբայեան նշած է, որ ինչպէս կ’ուզեն, այնպէս ալ կրնան ձեւակերպել. «Այսօր որ ստեղ նստած եմ, իրենց արածն է, ես ի՞նչ կապ ունեմ»։ Սամուէլ Բաբայեան նշած է նաեւ, որ ինք անցեալին ներմամբ ազատ չէ արձակուած, այլ՝ իր առողջական խնդիրներով պայմանաւորուած էր այն։ Յիշեցնենք, որ խօսքը ԼՂՀ նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի դէմ մահափորձի մէջ մեղադրուելու գործին մասին է։

Դատական նիստին պաշտպաններէն Վիքթորիա Կիրակոսեան չէր ներկայացած դատարան։ Ան արձակուրդի մէջ էր։ Պաշտպաններէն Սանասար Գաբրիէլեան միջնորդած է, որ յաջորդ դատական նիստը նշանակուի 28 Օգոստոսին, բան մը, որ Սամուէլ Բաբայեանի եւ Սանասար Գաբրիէլեանի դժգոհութիւնն առաջացուցած է։ «Մեզ չէք հարցնում՝ ձեռք տալի՞ս է, թէ ոչ, անմեղ մարդուն բռնել-գցել էք կամեռը, մի հատ էլ ուզում էք Օգոստոսի 28-ին նիստ նշանակել»,- յայտնած է Սամուէլ Բաբայեան, իսկ Սանասար Գաբրիէլեան աւելցուցած է, որ իր դէմ առաջադրուած մեղադրանքը «սարքուած է»։ Այսօրուայ դատական նիստէն ետք Սամուէլ Բաբայեան մօտենալով մեղադրող դատախազին զրուցած է վերջինիս հետ։

Յիշեցնենք, որ ԼՂՀ ՊԲ նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեան ձերբակալուած է Հայաստան «Իկլա» տեսակի զենիթահրթիռային համալիր ներմուծելու փաստին առթիւ յարուցուած գործի ծիրին մէջ։ Վերաքննիչ քրէական դատարանը կալանքի վերանայման հայցը մերժած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment