Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ի եւ Բրիտանիոյ Դեսպաններ: Երեւան ինք Պէտք է Որոշէ, թէ Որքանով կը Ցանկայ Խորացնել Կապերն Արեւմուտքի Հետ

ԱՄՆ-ի եւ Բրիտանիոյ Դեսպաններ: Երեւան ինք Պէտք է Որոշէ, թէ Որքանով կը Ցանկայ Խորացնել Կապերն Արեւմուտքի Հետ

by MassisPost

«Հանդիսանալով ՀԱՊԿ-ի անդամ, Հայաստան սերտօրէն կը համագործակցի նաեւ ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի հետ»,- պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին, այսօր յայտնածէ ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլս:

Կարեւոր է, որ Հայաստան ինք որոշէ, թէ անվտանգութեան ու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ որու հետ կը համագործակցի: Այսօր այս մասին յայտնեց Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլս, պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին, թէ արդեօք ռազմա-քաղաքական ոլորտին մէջ Ռուսիոյ հետ դաշնակցային յարաբերութիւնները Հայաստանի համար խոչընդոտ չե՞ն՝ խորացնելու համար յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներուն հետ:

«Ո՛չ, նման խոչընդոտ չկայ, վերջին տարիներուն այս ոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններն առաջ շարժած եւ խորացած են: Այս մէկն ի ցոյց կը դնէ Հայաստանի կարողութիւնը աշխատելու իր բոլոր հարեւաններուն հետ, նաեւ կը մատնանշէ միջազգային անվտանգութեան հարցին մէջ Հայաստանի կողմէ մասնակցութեան ցուցաբերումը: Հայաստան ՀԱՊԿ-ի անդամ ըլլալով հանդերձ, պաշտպանական ոլորտին մէջ սերտօրէն կը համագործակցի նաեւ Միացեալ Նահանգներուն հետ, ինչպէս նաեւ ներգրաւուած է ՆԱԹՕ-ի առաքելութիւններուն մէջ:

Ինչպէս բազմիցս ըսած են, այս յաղթողի կամ պարտուողի հարց չէ․ Հայաստան պաշտպանութեան ու անվտանգութեան հարցերուն մէջ կրնայ օգուտ քաղել ինչպէս մեր հետ, այնպէս ալ ուրիշներու հետ համագործակցելով, սակայն կարեւոր է, որ Հայաստան ինքնուրոյն որոշէ, թէ որու հետ կը համագործակցի այդ ոլորտներուն մէջ»,- նշած է դեսպան Միլս:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանն այսօր իր բրիտանացի գործընկերոջ եւ Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Դաւիթ Տոնոյեանի հետ Կոտայքի մարզին մէջ կը մասնակցէր երեք երկիրներու համագործակցութեամբ իրականացուող զօրավարժութեան: Արդեօք Միացեալ Նահանգներու կողմէ օրեր առաջ Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներու կիրառումը բացասական պիտի չազդէ՞ նաեւ Ռուսիոյ դաշնակից Հայաստանի վրայ, «Ազատութեան» այս հարցին ԱՄՆ դեսպանը բացասական պատասխան տուած է: «Եթէ Հայաստանի զինուած ուժերն ու կառավարութիւնը կը ցանկան, ուրեմն ես որեւէ խոչընդոտ չեմ տեսներ անվտանգութեան ոլորտին մէջ շարունակելու համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ»,- ըսած է Ռիչըրտ Միլս:

Հայաստանի մօտ արեւմտեան մէկ այլ գերտէրութեան՝ Բրիտանիոյ դեսպան Ճուտիթ Մարկարէթ Ֆարնուորթ  «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծած է, որ առաւելապէս հայկական կողմն է որոշողը, թէ որքանով կը ցանկայ խորացնել կապերն Արեւմուտքի հետ: «Հայաստանի կառավարութիւնն է իր միջազգային ներգրաւուածութեան որոշողը: Իմ տպաւորութեամբ, Հայաստանի համագործակցութիւնն Արեւմուտքի ու ՆԱԹՕ-ի հետ կը միտի Հայաստանն աւելի ուժեղ, դիմակայուն եւ բարգաւաճ դարձնել: Այնպէս որ որքանով Հայաստան կը ցանկայ մեր աջակցութիւնը, այդքանով ալ մենք պատրաստ են տրամադրել այն»,- ըսած է Բրիտանիոյ դեսպանը:

Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Դաւիթ Տոնոյեանի խօսքով, իր ղեկավարած ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը քաղաքականացած չի կրնար ըլլալ․ իրենք ծրագիրներ կ’իրականացնեն ոչ միայն արեւմտեան երկիրներու, այլեւ Ռուսիոյ հետ: «Արտակարգ իրավիճակներին արձագանգումը ամբողջ աշխարհում ապաքաղաքականացուած ոլորտ է, եւ մենք այդ ուղղութեամբ ենք շարժուելու: Աղէտը եւ արտակարգ իրավիճակը սահմաններ, աշխարհաքաղաքականութիւն չեն ճանաչում: Մենք համագործակցելու ենք բոլորի հետ անխտիր»,- ըսած է Տոնոեան:

Լուսակերտի մէջ այսօր կազմակերպուած ուսումնական վարժանքի ծիրին մէջ քլոր տեղափոխող բեռնատար կառքը բախած էր մարդատար կառքին: ԱԻՆ աշխատակիցներու խնդիրն էր՝ ստեղծուած իրավիճակին մէջ փրկարարական աշխատանքներու իրականացումը։ Հայ-ամերիկեան-բրիտանական համատեղ վարժանքին կը հետեւէր նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քանզաս նահանգի ազգային պահակախումբի գեներալ-մայոր Լի Թաֆանելի: Ամերիկացի զինուորականը բարձր գնահատելով հայ փրկարարներու աշխատանքը նշած է, որ իրենք տարատեսակ համատեղ ծրագիրներ կ’իրականացնեն:

«Շուրջ 40 հայ զինուորներ այժմ կը վերադառնան Միացեալ Նահանգներէն: Անոնք հնարաւորութիւն ունեցած են Քանզասի ազգային պահակախումբի զինուորականներուն հետ մասնակցելու որոշ դասընթացներու եւ միջոցառումներու: Մենք ալ Հայաստան ուղարկած ենք զինուորներու եւ օդուժի ծառայողներ, մասնակցելու համար այսօրուայ վարժանքին: Այսպիսով, մենք կը տեսնենք միասին աշխատելու բազմաթիւ հնարաւորութիւններ, եւ այս մէկը համագործակցութեան ոլորտներէն մէկն է»,- ըսած է Լի Թաֆանելի: Հարցին, թէ արդեօք հայ-ամերիկեան համագործակցութիւնը կը ներառէ՞ նաեւ որոշ տեխնիկական կամ ռազմական աջակցութիւն, ամերիկացի գեներալը պատասխանած է, որ իրենք կեդրոնացած են անձնակազմերու փորձի փոխանակման վրայ:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment