Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Ամերիկեան Տնտեսական Յարաբերութիւններն Ունին Կարեւորագոյն Ներուժ. Ճոն Հեֆֆըրն

Հայ-Ամերիկեան Տնտեսական Յարաբերութիւններն Ունին Կարեւորագոյն Ներուժ. Ճոն Հեֆֆըրն

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան մեծ ներուժ կայ, յայտարարած է Քոնկրէսին մէջ ԱՄՆ-ի Պետքարտուղարութեան ներկայացուցիչը: Անոր խօսքով, մարդասիրական օգնութեան տրամադրման փոխարէն Միացեալ Նահանգներ կը ցանկայ Հայաստանի հետ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններ զարգացնել:

Միացեալ Նահանգներու պետքարտուղարի օգնականի պաշտօնակատար Ճոն Հեֆֆըրն հայ-ամերիկեան գործընկերութեան մասին ամենատեղեկացուած մարդոցմէ մէկն է: 2011-էն մինչեւ 2014 թուականը, որպէս Հայաստանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան, ան նպաստած է երկկողմ քաղաքական եւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման: Քոնկրէսին մէջ անցնող լսումներու ընթացքին, պատասխանելով քոնկրէսական Պրատ Շերմանի հարցին, Ճոն Հեֆֆըրն յայտարարած է, որ հայ-ամերիկեան տնտեսական յարաբերութիւններն ունին կարեւորագոյն ներուժ.

«Մենք կը ցանկանանք օգնութեան տրամադրման վրայ հիմնուած մեր երկկողմ յարաբերութիւնները զարգացնել՝ հասնելով առեւտրային համագործակցութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու»:

Պետքարտուղարութեան ներկայացուցիչը նշած է, որ 2015 թուականի Մայիսին կնքուած հայ-ամերիկեան Առեւտուրի եւ ներդրումներու պայմանագիրն արդէն իսկ կը նպաստէ երկու պետութիւններու միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման: ԱՄՆ-ի մէջ առաւել հեռանկարային կը համարեն Հայաստանի հետ տնտեսական համագործակցութիւնը տեղեկատուական տեխնոլոկիաներու եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ, քոնկրէսականներուն ըսած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ներկայացուցիչ Մարկոթ Էլիս.

«Անոնք այն ոլորտներն են, որոնք կրնան ոչ միայն զարգացնել եւրա-աթլանթեան մերձեձումը, այլեւ հնարաւորութիւն կ’ընձեռնեն ամերիկեան ընկերութիւններուն ներգրաւուելու եւ զարգացնելու Հայաստանի հետ գործընկերութիւնը»:

Հայ-ամերիկեան տնտեսական գործընկերութեան զարգացման համար կարեւոր դեր ունի նաեւ երկու պետութիւններու միջեւ կրկնակի հարկումէն խուսափելու պայմանագրի մշակումն ու ստորագրումը, համոզուած է քոնկրէսական Պրատ Շերման: Քոնկրէսականը կոչ ուղղած է Պետքարտուղարութեան ներկայացուցիչներուն յորդորել ԱՄՆ-ի Ելեւմուտի նախարարութեան առաջնահերթութեան կարգով մշակել Հայաստանի հետ հարկային պայմանագիրը.

«Հայաստանի կառավարութիւնն իր կողմէ պաշտօնապէս յայտարարած է, որ պատրաստ է սկսիլ պայմանագրի մշակումը ամերիկեան նմոյշի հիման վրայ»:

«Ինչ կը վերաբերի երկկողմ հարկային պայմանագրին, Ելեւմուտի նախարարութիւնն առաջնահերթութիւնը կու տայ մէկ չափանիշի հիման վրայ՝ արդեօք ամերիկեան ընկերութիւններն օգուտ պիտի ստանա՞ն այդ պայմանագրէն», – նշած է Ճոն Հեֆֆըրն:

«Կը հաւաստիացնեմ ձեզի, որ անոնք նաեւ հաշուի կ’առնեն Պետքարտուղարութեան կարծիքը, թէ որքանով այն կը համապատասխանէ մեր ազգային շահերուն, եւ ես յոյս ունիմ լսելու այն ձեզմէ: Սակայն տեղեակ եմ նաեւ, որ պիտի լսեմ այդ նաեւ ամերիկեան շարք մը խոշոր ընկերութիւններէն»:

Քոնկրէսական Շերման անդրադարձած է նաեւ ԱՄՆ-ի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղին յատկացուող օգնութեան.

«Եկէք խօսինք ականազերծման ծրագիրներու եւ Արցախի, որ անցեալին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն կ’անուանուէր, աջակցութեան ծրագիրներուն մասին»:

Պետքարտուղարութեան ներկայացուցիչը նշած է, որ անցեալ տարիներու ընթացքին Միացեալ Նահանգները, Լեռնային Ղարաբաղին, ԼՂ ժողովուրդին տրամադրած է 45 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն, այդ թուին՝ մաքուր ջուրով ապահովման եւ ականազերծման ծրագիրներու տեսքով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment