Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ելք» կը Յորդորէ Փոստանջեանին «Դադրեցնել Վհուկներու Որսը»

«Ելք» կը Յորդորէ Փոստանջեանին «Դադրեցնել Վհուկներու Որսը»

by MassisPost

«Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան ղեկավար Զարուհի Փոստանջեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին համոզմունք յայտնած է, թէ «Սերժ Սարգսեան «Ելք»ի միջոցով կը փորձէ վերահսկել ըմբոստ ժողովուրդը»: Փոստանջեանի խօսքով, Սարգսեանի 2018-ի Ապրիլէն ետք վարչապետ դառնալու ծրագիրը խափանելու մասին «Ելք»ի յայտարարութիւնները նոյնպէս կ’ուղղորդուին իշխող Հանրապետականի ղեկավարին կողմէ:

«Հասկանում ենք «Ելք»ը ում խօսափողն է, ինչու է անում նման յայտարարութիւն եւ ինչու մի քանի տարի առաջ նման յայտարարութիւններ հենց «Ելք»ից չէին անում: Ընդհակառակը, ասում էին, որ դա կեղծ օրակարգ է: Հետեւաբար հաւատալ եւ միամիտ լինել մենք չենք կարող: Այսօրուայ գործող համակարգում ընդգրկուած մի խումբ է այն, այդ նոյն «Ելք»ն այս համակարգի մի բաղկացուցիչ մասն է»,- ըսած էր Զարուհի Փոստանջեան:

«Ելք» դաշինքի ներկայացուցիչ Ալէն Սիմոնեան, մինչդեռ, կը հակադարձէ, որ ընդդիմադիր դաշտին մէջ վհուկներու որս կազմակերպելը միմիայն կը նպաստէ իշխանութիւններու դիրքերու ամրապնդման: «Ընդդիմադիր դաշտում վհուկների որս կազմակերպելով որեւէ բանի չենք հասնի, եւ նոյն Սերժ Սարգսեանը որեւէ մտահոգութիւն ու գործողութիւն անելու իմաստ չի տեսնի:

Տիկին Փոստանջեան իր գործունէութեան ընթացքում մէկ «Ժառանգութեան» մէջ էր դրանով զբաղուում, հիմա «Ելք»ով է զբաղուում, իր կուսակցութեան մէջ հենց առաջին նիստից յետոյ սկսեց զբաղուել վհուկների որսով: Այդ գործընթացը պէտք է մի պահ աւարտել եւ զբաղուել ընդդիմադիր գործունէութեամբ, որը չի ենթադրում միայն էմոցիոնալ պոռթկումներ եւ գուցէ խիզախ գործողութիւններ, այլ պարունակում է յստակ քայլեր, որոնք կը բերեն իշխանափոխութեան: Այլ ոչ թէ կը բերեն միայն խօսակցութիւնների եւ էմոցիաներ դուրս թողնելուն՝ գնանք նախագահականի դիմաց կանգնենք, բղաւենք, վիրաւորենք եւ գնանք տներով՝ որեւիցէ բան չփոխելով»,- այսօր «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Ալէն Սիմոնեան:
Հարցին, թէ ինչպէ՞ս կը բացատրէ հանգամանքը, որ «Ելք»ի անունը պարբերաբար կը կապուի իշխանութիւններուն հետ, Սիմոնեան պատասխանեց․ «Երրորդ հանրապետութեան պատմութեան մէջ չկայ որեւէ ընդդիմադիր ուժ, որն իր գործունէութեան բարձունքին հասնելու ժամանակ նման մեղադրանքներից խուսափել է: Սա նոյն գործելաոճն է, որը, կրկնեմ, որեւէ դրական փոփոխութեան չի բերի»:

Ալէն Սիմոնեան պատասխանեց նաեւ այն հարցին, թէ՝ քանի որ «Ելք»ի մէջ կը կարծեն, որ իշխող ՀՀԿ-ի ղեկավար Սերժ Սարգսեան նախագահի լիազօրութիւնները յանձնելէն ետք կը ցանկայ զբաղեցնել արդէն վարչապետի պաշտօնը, եւ դաշինքէն յայտարարութիւններ կը հնչեն, թէ պէտք է խափանել այդ ծրագիրը, անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ զօրաշարժել ժողովուրդը, արդեօք այդ հարցով ժողովուրդը պատրա՞ստ է փողոց դուրս գալ, մանաւանդ, որ ի վերջոյ, անգամ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Սերժ Սարգսեանի ղեկավարած ՀՀԿ-ի յաղթանակէն ետք մարդիկ փողոց դուրս չեկան, որուն մասին իր վերջին հարցազրոյցին մէջ շեշտած էր նոյն ինքը՝ նախագահ Սարգսեանը:

«Ձեր ասած ժողովուրդը, կամ մի մասը, չեմ ուզում ընդհանրացնեմ, այդ գումարը, որ վերցրել էր քուէարկելու համար, վերցրել էր ոչ միայն քուէարկելու համար, այլ նաեւ փողոց դուրս չգալու համար: Դրա համար էլ դուրս չեկան: Ես չգիտեմ, թէ յետագայում ինչու պէտք է մարդիկ դուրս գան փողոց, դա ժողովուրդը պէտք է որոշի:

Մենք միայն ժողովրդի որոշումն ի կատար ածողներն ենք: Ցաւօք սրտի՝ ես համոզուած չեմ, որ այս Սերժ Սարգսեանի կողմից իշխանութիւնը պահելու հարցը մարդկանց դուրս կը բերի փողոց: Բայց նշեմ՝ բացառուած է, որ իշխանափոխութեան հնարաւորութիւն լինի, եւ «Ելք»ը այնտեղ չլինի: Ես պաշտօնապէս յայտարարում եմ՝ «Ելք»ի համար անընդունելի է որեւէ պաշտօնում Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարման շարունակումը: Եւ մենք անելու ենք հնարաւորը՝ որպէսզի դա բացառենք»,- պատասխանած է Ալէն Սիմոնեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment