Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գանատացի Իրաւապաշտպանները կը Պահանջեն Դադրեցնել Զրահամեքենաներու Մատակարարումը Ատրպէյճանին

Գանատացի Իրաւապաշտպանները կը Պահանջեն Դադրեցնել Զրահամեքենաներու Մատակարարումը Ատրպէյճանին

by MassisPost

Որքանո՞վ արդարացուած է գանատական սպառազինութեան մատակարարումը Ատրպէյճանին. այս հարցը ծագեցաւ այն բանէն ետք, երբ Գանատայի կառավարութիւնը պաշտօնապէս արտօնեց երկրին մէջ գործող սպառազինութիւններու արտադրութեամբ զբաղող «INKAS» ընկերութեան զրահամեքենաներ մատակարարել Ատրպէյճանին: Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի խոշորագոյն հեռարձակող ընկերութիւնը` «CBC»:

Գանատական արտադրութեան զրահամեքենաները նախատեսուած են Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան համար:

Թորոնթոյի մէջ գործող «INKAS» ընկերութիւնն ու Ատրպէյճանի կառավարութիւնը նման համաձայնութեան եկան անցեալ տարուայ Սեպտեմբերին` պայմանաւորուելով նաեւ Ատրպէյճանի կառավարութեան հետ զրահամեքենաներու արտադրութեամբ զբաղող համատեղ կազմակերպութիւն հիմնել:

«AZCAN» անունը կրող այս կազմակերպութեան ղեկավար Ռոման Շիմոնով «CBC»ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է. – «Ատրպէյճան գտնուելով Իրանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հարեւանութեամբ, առանձնայատուկ պետութիւն է թէ՛ աշխարհագրական դիրքի, թէ՛ աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներու տեսանկիւնէ: Այն այսօր կը ցանկայ պաշտպանական խնդիրներու լուծման նոր ուղիներ գտնել: Խօսքը նաեւ սահմաններու պաշտպանութեան մասին է»:

Աւելի վաղ, սակայն, Օթթաուայի մէջ կայացած սպառազինութիւններու ցուցահանդէսի ժամանակ, գանատա-ատրպէյճանական համատեղ կազմակերպութեան ղեկավարը կը պնդէր, թէ «INKAS» ընկերութեան կողմէ արտադրուած զրահամեքենաները ռազմական գործառոյթներ իրականացնել չեն կրնար:

«Մենք գլխաւորաբար կը կեդրոնանանք այնպիսի արտադրանքի թողարկման վրայ, որուն միջոցով կարգուկանոնի պահպանման ուղղուած խնդիրներ  հնարաւոր է լուծել: Մեր զրահամեքենաները մարտադաշտին մէջ որեւէ խնդիր լուծել չեն կրնար», – նշած էր Շիմոնով:

Գանատացի իրաւապաշտպանները մտավախութիւն ունին, որ անգամ եթէ գանատական արտադրութեան զրահամեքենաները չուղարկուին հակամարտութեան գօտի, անոնց առկայութիւնը Ատրպէյճանի տարածքին կրնայ լուրջ խնդիրներ ստեղծել:

Գանատական իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններէն մեկուն` «Project Ploughshares»ի ղեկավար Սեզար Եարամիլլօ «CBC»ի հետ զրոյցի ընթացքին նկատել տուած է. – «Այս կամ այն երկրին մէջ տիրող կացութեան մասին տեղեկութիւնները Գանատայի պատկան մարմիններուն պէտք է ստիպեն սպառազինութիւններու մատակարարման գործընթացին հանդէպ աւելի խիստ հսկողութիւն սահմանել: Այդ կը վերաբերի, օրինակ, Սաուտական Արաբիոյ, հնարաւոր է նաեւ՝ Ատրպէյճանին: Եթէ նման արտադրանքի առկայութիւնը Ատրպէյճանի մէջ կրնայ լուրջ վնասներու յանգեցնել, ուրեմն գերադասելի է, որ այդ մատակարարումները դադրեցուին»:

Գանատայի մէջ չեն բացառեր, որ Ատրպէյճանի ոստիկանութեան մատակարարուող զրահամեքենաները կրնան օգտագործուիլ Ալիեւի վարչակազմի ներքին հակառակորդներուն դէմ:

«2015 թուականի Նոյեմբերին ատրպէյճանական ոստիկանութիւնը իսրայէլեան արտադրութեան զրահամեքենաներու օգտագործմամբ, որոնք շատ նման են գանատականներուն, վիճայարոյց յատուկ գործողութիւն իրականացուց Պաքուէն 30 քմ հիւսիս գտնուող Նարտարան աւանին մէջ: Անոր հետեւանքով վեց անձ զոհուեցաւ, տասնեակներ ձերբակալուեցան», – յիշել կու տայ «CBC»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment