Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մերօրեայ Փարամազը

Մերօրեայ Փարամազը

by MassisPost

Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մարտերու ընթացքին, Իսլամական  Պետութիւն կազմակերպութեան դէմ կռուողներու շարքին է արմատներով հայ Լեժւան Փարամազ Մունզուրը, Տերսիմէն: Ան ծնած եւ կեանքի մեծ մասը ապրած է Գերմանիոյ մէջ, ուր զբաղած է հիւանդապահութեամբ, կը խօսի երեք լեզու: Երեսուն տարեկան մարտիկը տակաւին տասը ամիս առաջ հասաւ հիւսիսային Սուրիա, ուր կը մասնակցի Իսլամական Պետութիւն կազմակերպութեան դէմ մղուած մարտերուն, յանուն ժողովուրդին:

«Մարդոց սպանդին դիմաց այլեւս կարելի չէ ձեռնածալ մնալ: Իմ ընտանիքս Տերսիմէն է եւ հայ է: Շրջանի ժողովուրդները այս հողերուն վրայ սպանդներու ենթարկուած են‘ ներառեալ հայերն ու քրիստոնեաները: Ես կը կռուիմ այդ ժողովուրդներուն վրէժը լուծելու համար», ըսաւ Փարամազ անունը կրող մարտիկը, խօսելով «Karinca» համացանցային էջին:

Ան նշեց, որ Ռաքքայի մէջ կ’ապրէին բազմաթիւ ժողովուրդներ‘ ներառեալ արաբներ, քիւրտեր, հայեր, ասորիներ եւ քրիստոնեաներ: «Այստեղ բազմաթիւ կրօնական վայրեր կան, մանաւանդ եկեղեցիներ: Որպէս հայ, ուզեցի մաս կազմել պայքարին: Այս քաղաքը ազատագրելով մենք դարձեալ պիտի կառուցենք», ըսաւ ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment