Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Աղքատութիւնը, Եւ Գործազրկութիւնը Մէկ Օրուան Մէջ Լուծելի Խնդիրներ Չեն». Կ’ըսէ Հասարակական Հարցերու Նախարարը

«Աղքատութիւնը, Եւ Գործազրկութիւնը Մէկ Օրուան Մէջ Լուծելի Խնդիրներ Չեն». Կ’ըսէ Հասարակական Հարցերու Նախարարը

by MassisPost

«Մենք պէտք է գիտակցենք, որ Հայաստանում 30 տոկոս աղքատութիւնը, գործազրկութիւնը եւ այն խնդիրները, որոնք որ կան, մէկ օրում լուծելի խնդիրներ չեն», – «Ազատութեան» «Ֆեյսբուքեան ասուլիս» հաղորդման ժամանակ յայտնած է Աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեան, նշելով, որ բոլոր հասարակական խնդիրներու լուծման ամենակարճ ճանապարհը ներդրումներն են, տնտեսական աճը, նոր արդիւնքի ստեղծումը եւ այդ արդիւնքին աւելի հասցէական ու ճշգրիտ բաշխումը։

Նախարարն ընդգծած է, որ խոցելի խումբերու խնդիրներու լուծումը կառավարութեան առաջնային ծրագիրներէն մէկն է։

Հարցին, թէ հնարաւո՞ր է, որ յառաջիկայ տարիներուն հաշմանդամութեան նպաստները բարձրանան, նախարարը պատասխանած է. – «Կոնկրետ որպէսզի մենք կարողանանք ասել, որ այս չափով կը բարձրանայ, չեմ կարող ասել, որովհետեւ մեր ծրագրերի շրջանակներում, կառավարութեան առաջնահերթութիւնները, որոնց մասին նաեւ վերջերս նշուեց, գնում են այն հիմնական թիրախներն ու ուղղութիւնները, որոնք առաւելագոյնս միտուած են մեր քաղաքացիների խնդիրների լուծմանը՝ որքանով հնարաւոր կը լինի։ Առաջիկայում մենք աւելի առարկայական տեղեկատուութիւն կը տրամադրենք»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment