Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայ Դպրոցականները Միջազգային Առարկայական Ողիմպիադներուն 6 Մետալ Նուաճած են

Հայ Դպրոցականները Միջազգային Առարկայական Ողիմպիադներուն 6 Մետալ Նուաճած են

by MassisPost

«Ուսողութիւն» եւ «բնագիտութիւն» ուսումնական նիւթերու միջազգային առարկայական ողիմպիադներուն հայ դպրոցականներն արժանացած են 6 մետալի եւ 2 գովասանագիրի։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը:

Ուսողութեան ողիմպիադը տեղի ունեցած է Յուլիսի 12-23-ը Պրազիլի Ռիօ տէ Ժանէրօ քաղաքին մէջ։ ՀՀ խումբը, զոր կը ղեկավարէին Սմբատ Գոգեան (ՀՀ ԳԱԱ) եւ Տիգրան Մարգարեան (Ա.Շահինեանի անուան ֆիզմաթ յատուկ դպրոց), արժանացած է 2-ական արծաթէ (Միքայէլ Մկրտչեան, 12-րդ դասարան եւ Գագիկ Մաղաքեան, 10-րդ դասարան) ու պրոնզէ /Սերկէյ Ներսիսեան, 12-րդ դասարան եւ Վահան Մարտիրոսեան, 11-րդ դասարան/ մետալի եւ 1 գովասանագիրի (Կարագուլեան Վահէ, 11-րդ դասարան)։ Բոլոր աշակերտները Ա. Շահինեանի անուան ֆիզմաթ յատուկ դպրոցի սաներն են։

Բնագիտութեան ողիմպիադին, որ տեղի ունեցած է Յուլիսի 16-24-ը Ինտոնեզիոյ Ճոքիաքարթա քաղաքին մէջ, մեր աշակերտները վաստակած են մէկական արծաթէ (Դաւիթ Գէորգեան, Ա.Շահինեանի անուան Ֆիզմաթ յատուկ դպրոց, 11-րդ դասարան) ու պրոնզէ (Խաչատուր Նազարեան, Ա.Շահինեանի անուան Ֆիզմաթ յատուկ դպրոց, 12-րդ դասարան) մետալ եւ 1 գովասանագիր (Միքայէլ Եղիազարեան, «Քվանտ» վարժարան, 11-րդ դասարան): Խումբը կը ղեկավարէին Գագիկ Գրիգորեան եւ Բիլոր Կուրղինեան, որոնք կը դասաւանդեն «ԱՅԲ» եւ Ա. Շահինեանի անուան ֆիզմաթ յատուկ դպրոցներուն մէջ։

Յուլիսի 6-15 Թաիլանտի Նախոմ-Փաթոմ քաղաքին մէջ կայացած «Քիմիա»ի դպրոցականներու միջազգային ողիմպիադին Հայաստանի խումբը շահած էր երկու պրոնզէ մետալ եւ մէկ գովասանագիր: Նշենք, որ յաջորդ ողիմպիադը տեղի պիտի ունենայ «Կենսաբանութիւն» ոլորտին մէջ, Յուլիսի 23-30, Բրիտանիոյ Քովենթրի քաղաքին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment