Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Մեճլիսի Սահմանադրական Յանձնաժողովը Ընդունած է «Ցեղասպանութիւն» Եզրն Արգիլող Օրէնքներու Փաթեթը

Թուրքիոյ Մեճլիսի Սահմանադրական Յանձնաժողովը Ընդունած է «Ցեղասպանութիւն» Եզրն Արգիլող Օրէնքներու Փաթեթը

by MassisPost

Թուրքիոյ մեճլիսի սահմանադրական յանձնաժողովն ընդունած է իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան եւ անոր հետ համագործակցող «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան ներկայացուցած, մեճլիսի ներքին կանոնակարգին մէջ փոփոխութիւններ նախատեսող օրէնքներու փաթեթը: Վերջինով պիտի արգիլուի մեճլիսին մէջ պատգամաւորներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բարձրաձայնումը: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «T24»:

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան պատգամաւորները յանձնաժողովի նիստի ժամանակ յայտարարած են, որ քննարկումներ իրականացնելու մէջ որեւէ իմաստ չեն տեսներ ու լքած են դահլիճը՝ չմասնակցելով քուէարկութեան:

Թուրքիոյ մեճլիսի սահմանադրական յանձնաժողով ներկայացուած օրէնքներու փաթեթը կ’ենթադրէ պատիժ սահմանել այն պատգամաւորներուն համար, որոնք կը վիրաւորեն «թուրք ազգի պատմութիւնն ու համատեղ անցեալը»: Որպէս «վիրաւորանք» պիտի ընկալուին «1915 թուականի դէպքերու մասին» խօսելով «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրի կիրառումը: Արգելքը պիտի վերաբերի նաեւ մեճլիսի ամպիոնէն «Քիւրտիստան», «քրտական նահանգներ» եզրերը հնչեցնելուն:

Ըստ փոփոխութիւններուն, պատգամաւորները կուսակցութեան խմբակցութեան առաջարկները ներկայացուցած ժամանակ առաւելագոյնը հինգ վայրկեան պիտի ունենան: Այն պատգամաւորները, որոնք ընտրուելէ ետք մեճլիսին մէջ չեն երդուեր, չեն կրնար օգտուիլ իրենց իրաւունքներէն:

Նախատեսուած է օրէնքը խախտող պատգամաւորները ժամանակաւոր կերպով հեռացնել մեճլիսի աշխատանքներէն, ինչպէս նաեւ զրկել աշխատավարձի 1/3-էն, որ կը կազմէ մօտ 12 հազար թրքական լիրա (աւելի քան 3 հազար ԱՄՆ տոլար):

Փոփոխութիւններու այս առաջարկին դէմ հանդէս եկած են քեմալական Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութիւնն ու քրտամէտ Ժողովուրդներու Հանրապետական կուսակցութիւնը: Վերջինիս հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, որ 2017 թուականին պատժուած էր մեճլիսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսելուն համար, փոփոխութիւններու առաջարկն անուանած է «ԱԶԿ-ԱՇԿ ազգայնական աւտորիտար դաշինքի առաջարկ»:

Օրէնքներու փաթեթը քննադատած էր նաեւ քեմալական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան, նշելով, որ անոնցմով պարզապէս փորձ կը կատարուի մեճլիսին մէջ լռեցնել ազգային փոքրամասնութիւններուն ձայնը: «Անկասկած, ոչ ոք պէտք է վիրաւորէ կամ կը վիրաւորէ թուրք ժողովուրդի պատմութիւնն ու համատեղ անցեալը: Սակայն ի՞նչ կ’ըսէք միւս ազգերուն համար: Օրինակ, հայ ժողովուրդի պատմութիւնը կարելի՞ է վիրաւորել»,- ըսած էր պատգամաւորը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment