Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Սասնայ Ծռեր»-էն Տարի Մը Ետք

«Սասնայ Ծռեր»-էն Տարի Մը Ետք

by MassisPost

Այս շաբաթ լրացաւ «Սասնայ Ծռերու» գործողութեան առաջին տարելիցը, երբ խումբ մը  զինեալներ, որոնց մէջ նախկին ազատամարտիկներ, յարձակում գործելով, երկու շաբաթ շարունակ գրաւման տակ պահեցին  Հայաստանի ոստիկանութեան կեդրոնը: Այդ օրերուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցան ծանր բախումներ`  զինեալներուն զօրակցութիւն յայտնելու համար փողոց դուրս եկած հազարաւոր ցուցարարներու եւ իրաւապահներու միջեւ: Ստեղծուած պայթունավտանգ իրավիճակը  հանգուցալուծում գտաւ  երբ, որոշ խոստումներու դիմաց,  զինեալները  վար դնելով իրենց զէնքերը անձնատուր եղան: Այս գործողութեան ընթացքին զոհուեցան երեք ոստիկաններ ու ծանր վիրաւորուեցան «Սասնայ Ծռերու» շարք մը անդամներ:

Ինչպէս  դէպքերու ընթացքին, այս օրերուն եւս քննարկման առարկայ են զէնքի միջոցաւ քաղաքական հարցեր լուծելու նպատակայարմարութիւնը: «Սասնայ Ծռերու» կողմնակիցները կը հաւատան որ, Հայաստանի մէջ սպառած ըլլալով իրավիճակ փոխելու բոլոր այլ  տարբերակները, արդարացուած են բռնի միջոցներու օգտագործումը: Հակառակ տեսակէտի հեղինակները կը պնդեն որ, ժողովրդավարական  երկիր կառուցելու ճանապարհին պէտք է բացառել բռնի միջոցներու օգտագործումը, որքան ալ դատապարտելի ըլլան իշխանութիւններու արարքները:

Այս օրերուն Երեւանի մէջ կ’ընթանան  միաժամանակ չորս  դատական գործեր:  Տեղի կ’ունենան «Սասնայ Ծռերու», Ժիրայր Սէֆիլեանի, «Նորքի-Մարաշի» զինեալ խումբի դատական նիստերը, որոնց վրայ կ’աւելնայ  Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Բաբաեանին առաջադրուած մեղադրանքները: Բոլոր այս դատական հարցերը, թէեւ իրարմէ անջատ, առնչուած են զինեալ յեղաշրջում իրականացնելու փորձերու հետ:

Վերջին տարիներուն նման դէպքերու յաճախականութիւնը պէտք էր մղած ըլլար իշխանութիւններուն, որոշ դասեր քաղելու եւ վերահաշուարկ կատարելու: Այս գծով լաւագոյն առիթը կրնար հանդիսանալ Ապրիլին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները: Սակայն, անգամ մը եւս Հայաստանի ժողովուրդը զրկուեցաւ   իր իսկական ներկայացուցիչները ընտրելու տարրական իրաւունքէն:

Դժբախտաբար նման պայմանները կրնան ծնիլ նոր «Սասնայ Ծռեր» առաւել վտանգելով  պատերազմի մէջ գտնուող մեր հայրենիքը:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment