Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ժորժ Կեպենէկեան Ընտրուած է Լիոնի Քաղաքապետ

Ժորժ Կեպենէկեան Ընտրուած է Լիոնի Քաղաքապետ

by MassisPost

Երէկ Լիոնի քաղաքապետարանի խորհուրդի արտակարգ նիստին քաղաքապետ  ընտրուած է ֆրանսահայ Ժորժ (Գէորգ) Կեպենէկեան:

Կեպենէկեան Ֆրանսայի կարեւորութեամբ երրորդ քաղաքի երեսունհինգերորդ քաղաքապետն է՝ այդ պաշտոօնին փոխարինելով Ժերար Քոլոնին: Վերջինս այժմ Էմանուէլ Մաքրոնի գլխաւորած կառավարութեան Ներքին գործերոց նախարարն է:

Մինչեւ ընտրուիլը Ժորժ Կեպենէկեան Լիոնի քաղաքապետի առաջին կցորդն էր՝ մշակութային հարցերով: Ան մասնագիտութեամբ վիրաբոյժ է:

«Ֆիկարօ» օրաթերթը նշած է, որ Կեպենէկեան «կանխորոշուած չէր այդ պաշտօնին համար, քանի որ 67 տարեկան է եւ փորձառու քաղաքական գործիչ չէ»: Ըստ օրաթերթին, Կեպենէկեանի ընտրութեան հարցին մէջ մեծ դեր ունեցած է նախկին քաղաքապետ Ժերար Քոլոն, որ յայտարարած էր, թէ կը նախընտրէր քաղաքապետի պաշտօնին տեսնել իր «հաւատարիմ բարեկամ Ժորժ Կեպենէկեանը»:

«Ծագումով հայ Ժորժ Կեպենէկեան, որ ֆրանսերէն սկսած է խօսիլ հինգ տարեկանէն, իր ամենամեծ յաղթանակը տօնած է 1987 թուականի Յունիսի 18-ին, երբ Եւրոխորհրդարանը Ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը», – գրած է «Ֆիկարօ», աւելցնելով, որ այդ ժամանակ Կեպենէկեան Հայ Դատի պաշտպանութեան յանձնախումբի պատասխանատու էր:

Այդ յանձնախումբն այսօր առանձնայատուկ ջերմութեամբ շնորհաւորած է Կեպենէկեանը՝ գրելով․ – «Յայտնի վիրաբոյժ, բայց նաեւ մշակոյթին մօտ կանգնած  անձ մը, համակուած այն հանրամատչելի դարձնելու մտահոգութեամբ, Ժորժ Կեպենէկեան եղած է Հայ Դատի պաշտպանութեան աննկուն մարտիկ՝ Եւրոպական խորհրդարանի 1987 թուականի բանաձեւէն մինչեւ ՄԱԿ-ի 30-րդ յօդուածը, Ֆրանսայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն մինչեւ Արցախի պատերազմ, ուր ան մեկնած է՝ վիրահատելու ռմբակոծութիւններու տակ, Հայաստանի 1988 թուականի երկրաշարժէն, ուր մեկնած էր փրկարարներու առաջին խումբի կազմին մէջ, մինչեւ 1991 թուականի Հայաստանի անկախացումը, ուր ան գործած է ի նպաստ հասարակական ապահովութեան ծառայութեան ստեղծման: Ժորժ Կեպենէկեանի ընտրութիւնը Լիոնի քաղաքապետի պաշտօնին հպարտութիւն է ֆրանսահայ համայնքին համար: Այդ ընտրութիւնը դրականապէս պիտի անդրադառնայ Երեւանի վրայ, որ Լիոնի զուգորդ քաղաքներէն մէկն է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment