Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Բակօ Սահակեան Վերընտրուած է Արցախի Նախագահի Պաշտօնին

Բակօ Սահակեան Վերընտրուած է Արցախի Նախագահի Պաշտօնին

by MassisPost

Արցախի խորհրդարանը ձայներու մեծամասնութեամբ երկրի նախագահ ընտրած է գործող նախագահ Բակօ Սահակեանը: Այս մասին «Tert.am»ին յայտնած է Արցախի խորհրդարանի լրատուական վարչութեան պետ Լիլիթ Ասրեան:

«Նախագահ Բակօ Սահակեանի օգտին քուէարկած է 28 պատգամաւոր: Էդուարդ Աղաբեկեանին ձայն տուած է 4 պատգամաւոր»,- ըսած է ան:

Լիլիթ Ասրեանի խօսքով, 33 պատգամաւորէն նիստին ներկայ էր 32-ը: Հիւանդութեան պատճառով «Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութենէն բացակայած էր Արմօ Ծատուրեան:

Յիշեցնենք, որ այսօր ժամը 11:00-ին Արցախի Ազգային Ժողովը յատուկ նիստ հրաւիրուած էր, որուն ընթացքին, Սահմանադրութեան 168-րդ յօդուածին համաձայն, պիտի ընտրէր Հանրապետութեան նախագահ, որ պիտի պաշտօնավարէ մինչեւ գործող Ազգային Ժողովի լիազօրութիւններու աւարտը:

Նշենք, որ Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրուած էր երկու թեկնածու՝ գործող նախագահ Բակօ Սահակեան եւ «Շարժում–88» խմբակցութեան պատգամաւոր Էդուարդ Աղաբեկեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment