Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սեւան Նշանեան Փախուստ Տուած է Թրքական Բանտէն

Սեւան Նշանեան Փախուստ Տուած է Թրքական Բանտէն

by MassisPost

Թրքական տարբեր աղբիւրներու փոխանցմամբ, պոլսահայ մտաւորական Սեւան Նշանեան խոյս տուած է բանտէն:  Նշանեան, որ դատապարտուած էր բանտարկութեան, այս  առաւօտ դուրս եկած է Ֆոչայի  բանտէն  (Նշանեան ենթակայ էր բաց բանտային ռէժիմի դրութեան) եւ մինչեւ այս ժամը չէ վերադարձած:

Ուշագրաւ է, որ  Նշանեան թվիթըրեան իր էջին վրայ գրառում մը կատարած է եւ ըսած «Թռչունը թռաւ… տարուսը մնացած ութսուն միլիոնին»:

Tweet

Կատարուածի առնչութեամբ գրառում կատարած է նաեւ յայտնի թուրք մտաւորական, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած պատմաբան Թաներ Աքչամը, ով նշած է, որ իր կարծիքով Նշանեանը Թուրքիայի ամենամեծ մտաւորականներէն է: «Սեւան Նշանեանը փախուստի դիմած է ըսելով` «թռչունը թռաւ»: Բոլոր թռչուններու համար ազատ աշխարհի ակնկալիքով…»,- նշած է ան:

Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ մտաւորական  լայն գործունէութիւն ծաւալած  եւ տասնեակ հատորներու հեղինակ  Նշանեան իր  կերտած «Շիրինճէ»ի   ամարանոցի «գործ»ով դատապարտուած էր 17 տարուան  բանտարկութեան:

Թուրքական մամուլը աւելի վաղ յայտնած էր որ Սեւան Նշանեանի ձերբակալութիւնը իշխանութիւններու սարքած գործըն է, քանի որ մտաւորականը բազմաթիւ անգամներ հանդէս եկած  էր թուրքական կառավարութեան բացերու հրապարակային քննադատութեամբ: Շատերը հանդէս եկած են անոր ազատ արձակելու կոչով` նշելով, որ Սեւան Նշանեանին պատժելու իրական պատճառը այն է, որ ան համարձակած է քննադատել Թուրքիայի պաշտօնական պատմութիւնը` հրատարակելով «Սխալ Հանրապետութիւն» գիրքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment